ԷՐՏՈՂԱՆ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԱՄՆ-Ի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու դէպի Թեհրան կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս ընդունուեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ ընդհանուր իրադրութեան եւ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։ Մեւլիւտ Չավուշօղլու բացատրեց, որ բանակին կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւնները ունին ժամանակաւոր բնոյթ։ Չավուշօղլու շեշտեց նաեւ, որ Թուրքիոյ գործողութիւնները ուղղուած չեն Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան դէմ։ Իր կարգին, Հասան Ռուհանին ալ բացատրեց, որ Իրան եւ Թուրքիա բաւարար ուժ ունին կանխելու համար աւելի մեծ արիւնահեղութիւններն ու փախստականներու նոր ալիքները։

Մինչ այդ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ Թուրքիա Աֆրինի եւ Իտլիպի հարցերը պիտի լուծէ։ Անգարա կողմնակից է, որ փախստականները վերադառնան իրենց հայրենիքը։ Էրտողան միեւնոյն ժամանակ խիստ քննադատութիւններու առարկայ դարձուց Ուաշինկթընի քաղաքականութիւնը։ Իր խօսքերով՝ Թուրքիա Սուրիոյ հետ սահմանը ամբողջութեամբ պիտի մաքրագործէ ահաբեկիչներէն։ «Ես ըսի, որ ահաբեկիչը չ՚ոչնչացուիր ահաբեկիչի միջոցաւ, Պարոն Թրամփ, սխալ կը գործէք։ Սակայն դժբախտաբար ան դարձեալ անոնց նայեցաւ։ Մենք ալ ըսինք, որ լաւ՝ դուք ձեր ճանապարհով, մենք ալ մեր ճանապարհով։ Պիտի տեսնեն, որ ինչեր կրնանք յաջողիլ», ըսաւ Էրտողան։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահներու՝ Սուրիոյ ճգնաժամին ձօնուած երկրորդ գագաթաժողովը յառաջիկային տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան այս ծիրին մէջ պիտի հիւրընկալէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին։ Գագաթաժողովի թուականը տակաւին վերջնականօրէն չէ ճշդուած։

Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները այս առաւօտ տեղեկացուցին, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը թեւակոխած է 21-րդ օրը եւ այս ընթացքին ոչնչացուած է 1062 ահաբեկիչ։

Ուրբաթ, Փետրուար 9, 2018