ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ ներկայիս այցելութիւն մը կ՚իրականացնեն դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Միջնորդներու ուղեւորութեան առաջին հանգրուանը հանդիսացաւ Պաքու, ուր անոնք տեսակցեցան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Համանախագահները երէկ անցան Երեւան, ուր տեսակցեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան եւ համանախագահները քննարկեցին անցեալ ամիս Քրաքովի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ժամանակ Կասպրչիկի գրասենեակի հնարաւորութիւններու ընդլայնման վերաբերեալ ապահովուած սկզբունքային համաձայնութեան վերաբերեալ հարցեր։ Նալպանտեան եռանախագահներու նկատառման յանձնեց, որ ի տարբերութիւն համանախագահներու եւ Երեւանի, Պաքու ցայսօր որեւէ յայտարարութիւն չէ ըրած այդ համաձայնութեան վերաբերեալ եւ չէ տեղեկացուցած, թէ ե՛րբ պատրաստ պիտի ըլլայ իրականացնել այդ մէկը։ «Տարօրինակ յիշողութիւն ունին Պաքուի մէջ. խճճուելով իրենց իսկ յօրինած կեղծիքներու սարդոստայնին մէջ՝ մոռացութեան կու տան ամիս մը եւ անկէ առաջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, որոնց մասին բազմիցս յայտարարած են համանախագահները, բայց միեւնոյն ժամանակ գլխիվայր մեկնաբանութիւններով կը վերյիշեն 25 տարուայ վաղեմութեամբ այն փաստաթուղթերը, որոնց եռանախագահները յայտնի պատճառներով նոյնիսկ յղում չեն ըներ», ըսաւ Նալպանտեան։

Զրոյցի տեւողութեան Եդուարդ Նալպանտեան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն ներկայացուց նախընթաց օր Արցախի շփման գծին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի կոպտագոյն խախտման հետեւանքով հայ զինուորի մը սպաննուած ըլլալը։ Ան ընդգծեց, որ Պաքու՝ իրեն բնորոշ սադրիչ գործողութիւններէն ետ չի մնար նոյնիսկ եռանախագահներու տարածքաշրջանէ ներս ներկայութեան ժամանակ։ Ատրպէյճան այսպէսով իսկ ցոյց կու տայ իր արհամարանքը համանախագահ երկիրներուն նկատմամբ։

Եդուարդ Նալպանտեան անդրադարձաւ նաեւ Պաքուէն հնչած վերջին մեկնաբանութիւններուն, ըստ որոնց Ատրպէյճան իբր թէ հետաքրքրուած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի շուտափոյթ կարգաւորման։ Նալպանտեանի համոզմամբ, խօսքերը հարկաւոր է ամրապնդել գործերով։ Պէտք է իրականացուին Վիեննայի, Սեն Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։ Պէտք է ընդունուին որպէս բանակցութիւններու հիմք՝ այս հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ համանախագահներու առաջարկները եւ յառաջ շարժուիլ այդ հիման վրայ։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները Երեւանի մէջ կը տեսակցին նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ 

ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿ

Հարկ է նշել, որ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայնուած զօրամասերէն մէկուն մէջ նախընթաց օր՝ 7 Փետրուարին, ժամը 13.50-ի սահմաններուն Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով նահատակուեցաւ Հայկ Քալանթարեան (1998)։

Ուրբաթ, Փետրուար 9, 2018