ՄԻ­ՔԱ­ՅԷԼ ՃԻ­ՀԱ­ՆԵԱ­ՆԻ ԿՏԱՒ­ՆԵ­ՐԸ ՑՈՒ­ՑԱԴ­ՐՈ­ՒԵ­ՑԱՆ ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ՄԷՋ

Ամերիկաբնակ նկարիչ, մասնագիտութեամբ ճարտարապետ Միքայէլ Ճիհանեանի «Վերածնունդ» խորագրեալ ցուցահանդէսին ներկայացուած էին տարիներու ընթացքին ստեղծուած 106 իւղաներկ եւ 177 գծանկար աշխատանքներ։ Կտաւներուն մէջ կարելի էր տեսնել վախ, զարմանք, ուրախութիւն, ցասում, սէր, յաղթանակ, ատելութիւն եւ այլ յոյզեր արտայայտող խճճուած, բայց պարզ պատկերներ։ Ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան մէջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, բացման հանդիսութեան ընթացքին Նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեան ըսաւ. «Այս նկարիչի մասին առաջին անգամ օրեր առաջ լսեցի, երբ ինծի այցելեց Տիկին Մոսկոֆեանը, հրաշալի անձնաւորութիւն, որ սխրագործութիւն կատարած է՝ ովկիանոսէն այն կողմ գտնուող հարիւրաւոր կտաւներ Հայաստան բերելով։ Ան մեզի հնարաւորութիւն տուաւ ծանօթանալու այս իւրօրինակ ստեղծագործողին։ Միքայէլ Ճիհանեան, եթէ չեմ սխալիր, բոլորած է 85-ամեակը եւ կ՚աշխատի այնպիսի եռանդով, ինչ որ կը պակսի շատերուս մօտ»։

Նկարիչի ընտանեկան բարեկամը՝ Տայանա Մոսկոֆեանն ալ շեշտեց, որ Միքայէլ Ճիհանեան տաղանդաւոր ստեղծագործող է՝ իր ուրոյն մտածելակերպով։ «Անոր գործերուն մէջ սիւրռէալիստական շունչ կայ։ Տարիներ առաջ իրեն հարցուցի, թէ ի՞նչ կը նշանակէ այս կամ այն կտաւը, ան պատասխանեց. «Լսողութիւն ունի՞ս, նայէ, ուղեղ ունի՞ս, հասկցիր, սիրտ ունի՞ս, գնահատէ»։ Միքայէլը կը ցանկայ իր կտաւներուն մէջ արտացոլել բարիի յաղթանակը չարի նկատմամբ, կ՚ուզէ ըսել, որ ինք յաղթած է չարին, որ բացայայտուած է», ըսաւ ան ու շարունակեց՝ ան մեծ հայ է, կը պաշտէ Հայաստանը եւ կը ցանկայ, որ իր նկարները ծառայեն հայ ազգին այնքանով, որքանով հնարաւոր է։

«Միքայէլ այնքան բարի, անմիջական, փոքր ինչ խենթ մարդ մըն է, որ կը նկարէ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու ներքոյ՝ ոգեշնչուելով անոր խոր երաժշտութեամբ։ Անգամ մը ըսաւ. «Ձեզի կը թուի, թէ Կոմիտասը խենթեցա՞ծ է, ոչ, պարզապէս զայն շրջապատողները այնքան խելք չունին Կոմիտասը հասկնալու համար», եզրափակեց իր խօսքերը Տայանա Մոսկոֆեան։

Ցուցահանդէսը կեանքի կոչուած է «Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամի ջանքերով։

Միքայէլ Ճիհանեան ծնած է 1934-ին Գահիրէ։ Որոշ ժամանակ ապրած է Հայաստանի, այնուհետեւ երկար տարիներ՝ Ֆրանսայի մէջ, ուր շարք մը ցուցահանդէսներ բացած է ու արժանացած՝ ոսկէ մետայլներու։ Ներկայիս կ՚ապրի ԱՄՆ-ի մէջ։

Ուրբաթ, Փետրուար 9, 2018