«ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ԴԱՓՆԻ»

Ֆրանսահայ յայտնի մտաւորական Ռոպէր Տէր-Մերկերեան վերջերս պարգեւատրուած է Ֆրանսայի Ազգային կրթութեան նախարարութեան «Ակադեմական դափնի» պատուոյ շքանշանով։ Այս առթիւ իրեն շնորհուած է նաեւ համապատասխան տիտղոսը։ Կրթական ասպարէզէն ներս Փրոֆ. Ռոպէր Տէր-Մերկերեանի կողմէ մատուցուած մեծ ծառայութիւնները գնահատուած են այսպէսով եւ այդ գնահատանքին մէջ բաժին ունեցած է նաեւ իր խոշոր ներդրումը՝ ֆրանսական միջավայրէ ներս հայերէնի զարգացման ուղղութեամբ։ Բանասէր ու լեզուաբան Ռոպէր Տէր-Մերկերեանի հետ այս առթիւ հարցազրոյց մը կատարած է «Հայերն այսօր» կայքէջէն Լուսինէ Աբրահամեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս հարցազրոյցը։ Հարկ է նշել, որ Ռոպէր Տէր-Մերկերեան այս շրջանին կը նշէ իր 80-ամեայ յոբելեանը։

-Օրերս լրացաւ 80-ամեակս: Երկար տարիներու պատմութիւն, որուն ընթացքին ունեցած եմ թէ՛ ուրախութեան, թէ՛ տխրութեան պահեր, զանազան հանդիպումներ, որոնցմէ շատերը անցած-գացած են, որոշներն ալ դարձած են մնայուն:

Իմ կեանքիս մէջ եղած է նաեւ արտակարգ հանդիպում մը, որ ուղի հարթեց ինծի համար: Երբ Երեւանի Պետական համալսարանը աւարտելէ յետոյ կ՚ուսանէի Ֆրանսայի Փրովանս համալսարանին մէջ, որպէս ռուսերէնի ուսանող, հանդիպեցայ անուանի լեզուաբան Փոլ Կարտին: Ա՛ն է, որ զիս մղեց դէպի համալսարանական միջավայր (ղեկավարեց իմ տոքթորական աշխատանքը, հինգ տարի ետք յանձնաժողովի անդամ էր, երբ երկրորդ գիտական աշխատանքս կը պաշտպանէի): Անոր խորհուրդով սկսայ քանի մը ժամ հայերէն դասեր տալ համալսարանին մէջ: Քանի որ ուսանողները հետաքրքրուած էին առարկայով, դասընթացքները աւելի ընդգրկուն դարձան, ժամերը շատցան:

Իրականութեան մէջ, ֆրանսական համալսարանէն ներս նոր առարկայ դասաւանդելը շատ դժուար է, որովհետեւ պէտք է ցոյց տալ, թէ ի՛նչ արժէք ունի այդ լեզուն, քաղաքակրթութիւնը, պատմութիւնը, որքա՛նով ան կը հետաքրքրէ ուսանողները:

Ես կրցայ իմ առարկան ո՛չ միայն ընդունելի դարձնել, այլեւ տարիներ վերջ յաջողեցայ Փրովանս համալսարանին մէջ Հայոց լեզուի ամպիոն հիմնել, առաջինը՝ ամբողջ Ֆրանսայի համալսարանական միջավայրին մէջ:

Տարիներու ընթացքին ստացայ փրոֆեսէօրի կոչում, ղեկավարեցի գիտահետազօտական աշխատանքներ: Այդպէս, շուրջ 40 տարի դասաւանդեցի արեւելահայերէն ֆրանսական համալսարանին մէջ:

Մինչ Փրովանս համալսարանէն ներս դասաւանդելս, հայերէնը Ֆրանսայի մէջ որեւէ կարգավիճակ չունէր, նոյնիսկ ընդունուած չէր որպէս փոքրամասնութեան լեզու: Երբ սկսայ համալսարանին մէջ աշխատիլ, Ֆրանսայի Կրթութեան նախարարութիւնը ընդունեց, որ հայերէնը կարելի է նաեւ համարել որպէս Պաքալորէայի քննութեան առարկայ: Կը յիշեմ, 1971-72 թուականներուն նոյնիսկ ֆրանսահայ մամուլը գրեց, որ առաջին անգամ կան թեկնածուներ, որոնք կը ներկայացնեն հայերէնը որպէս Պաքալորէայի կենդանի լեզու: Առաջին տարին անոնց թիւը ընդամէնը երկու էր, որ տարիներու ընթացքին դարձաւ 12, 22, 52 եւ այսպէս շարունակ: Առ այսօր այն աշակերտները, որոնք կ՚աւարտեն երկրորդական դպրոցը՝ կրնան հայերէնը ներկայացնել որպէս առաջին օտար լեզու: Սա մեծ յաջողութիւն էր հայոց լեզուն տարածելու եւ ընդունելու որպէս կենդանի լեզու՝ Ֆրանսայի մէջ գործածուող լեզուներու շարքին:

Հայերէնի դասընթացքը կը տեւէ 3 տարի, շաբաթական 3 դասաժամ: Աշխատանքս հետաքրքրական էր, մեծ եռանդով կ՚աշխատէի եւ կը փորձէի առաւելագոյնս ներկայացնել հայերէնի արժէքները, անոր պատմութիւնը, քաղաքակրթութիւնը:

Դասաւանդման 40 տարիներու ընթացքին ուսանողներ ունեցած եմ աշխարհի զանազան երկիրներէ: 1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք, երբ ամէնուր կը խօսուէր Հայաստանի մասին, աւելի մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացաւ հայերէնի նկատմամբ:

Ուսանողներու մեծամասնութիւնը ծագումով հայեր էին, թէեւ այս բառը քիչ մը կը խրտչեցնէ զիս: Ի՞նչ կը նշանակէ ծագումով հայ: Այն, որ քու հայրերդ, պապերդ հայ եղած են եւ դուն ժառանգած ես անոնց մականունը: Մականունը կը նշէ քու պատկանելիութիւնդ, բայց ատիկա բաւական չէ ազգային պատկանելիութեան զգացում ունենալու համար: Վերջինիս համար պէտք է իմանալ լեզուական, պատմական, մշակութային արժէքները: Եթէ ո՛չ, ապա կարելի չէ ատիկա համարել ազգային պատկանելիութիւն: Ապրիլ ազգային կեանքով, մասնակցիլ սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող ազգային իրադարձութիւններուն. ծագումով հայերը չունին այդ ամէնը:

Արդէն 10 տարի է՝ հանգստեան կոչուած եմ: Համալսարանին մէջ իմ աշխատանքս կը շարունակէ հայ միջնադարեան ճարտարապետութեան ծանօթ մասնագէտ Փաթրիք Տօնապետեան, որ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ է, որոնք կը վերաբերին մեր միջնադարեան կոթողներուն: Ան եղած է նաեւ իմ առաջին ուսանողներէն մէկը. հայոց այբուբենը անոր ես սորվեցուցած եմ հեռաւո՜ր՝ 1972 թուականին:

-Պարոն Տէր-Մերկերեան, մանկավարժական գործունէութեան զուգահեռ դուք զբաղած էք նաեւ արդի գրական հայերէնի երկու տարբերակներու բառակազմական խնդիրներու, բառակերտման գործընթացի ուսումնասիրութեամբ։

-Քանի որ կը տիրապետեմ թէ՛ արեւելահայերէնին, թէ՛ արեւմտահայերէնին, ինծի համար հեշտ էր համեմատել արդի հայերէնի զարգացման միտումները՝ երկու լեզուաճիւղերուն միջեւ: Այդ առիթով գրած եմ շուրջ 30 յօդուած, ուր ուսումնասիրած եմ արեւելահայերէնի օգտագործումը արեւմտահայ միջավայրին մէջ եւ հակառակը:

Տարիներու ուսումնասիրութեան ընթացքին այն եզրակացութեան յանգած եմ, որ արեւելահայերէնը ուժեղ ազդեցութիւն ունի արեւմտահայերէնին վրայ, նո՛յնիսկ սփիւռքի մէջ: Նկատած եմ, որ արեւմտահայերէնին տիրապետող մարդիկ երբ կու գան Հայաստան, զարմանալիօրէն շատ արագ կը սկսին արեւելահայերէն խօսիլ: Բայց երբ, օրինակ, արեւելահայերէն խօսողը կու գայ Ֆրանսա, կը շարունակէ խօսիլ արեւելահայերէն, այլ ո՛չ թէ արեւմտահայերէն:

Քանի մը տարի առաջ Երեւանի մէջ կազմակերպուած Ջահուկեանական ընթերցումներու ընթացքին հանդէս եկայ զեկոյցով մը, ուր փաստերով ներկայացուցի, թէ ինչպէս արեւելահայերէնը կը մտնէ արեւմտահայերէնի օգտագործման ոլորտ: Երբ կ՚ըսեմ արեւմտահայերէնի օգտագործման ոլորտ, հասկցէ՛ք, որ ատոնք շատ սահմանափակ ոլորտներ են, որովհետեւ բոլոր մշակութային միութիւններու, կազմակերպութիւններու ժողովները կը կատարուին ֆրանսերէնով: Արեւմտահայ փոքրամասնութեան ղեկավարներէն շատեր այսօր, դժբախտաբար, չեն տիրապետեր արեւմտահայերէնին, որ կը դժուարացնէ հայերէն ժողովներու գումարումը: Վերջերս, օրինակ, Մարսէյլի Մայր տաճարին մէջ եկեղեցւոյ տարեկան ժողովը կար: Բոլորը խօսեցան ֆրանսերէն, բացի Տէր Արամէն, որ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է:

1991-92 թուականներուն հիմնադրեցի Արեւմտահայ աշխարհաբարի եզրաբանական խորհուրդը, որ իր գործունէութիւնը շարունակեց շուրջ 10 տարի: Վերջինս գլխաւորաբար կը զբաղէր ուղեցոյցներ հրատարակելով: Հրատարակեցինք 4 ուղեցոյց, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պարունակէր տարբեր ոլորտներու պատկանող բառապաշար: Ուղեցոյցները բաւական յաջողութիւն ունեցան:

-Հայերէնին նուիրուած ուսումնասիրութիւններուն զուգահեռ, դուք նաեւ ինքնութեան վերաբերող աշխատութիւն հրատարակած էք։

-Երկու տարի առաջ հրատարակեցի «Հայոց ինքնութեան 12 սիւները» ֆրանսերէն աշխատութիւնը: Երկար մտածելէ, որոնումներէ յետոյ եկայ այն եզրայանգումին, որ մեր պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած են միայն 12 կարեւոր իրադարձութիւններ, մարդիկ են, որոնք կը կազմեն հայոց ինքնութեան յենասիւները:

Գիրքը մեծ յաջողութիւն ունեցաւ: Իրականութեան մէջ, երբ հայ գրականութեան, պատմութեան վերաբերող գիրքեր կը հրատարակուին, շատ քիչ կը վաճառուին: Նախ հայ համայնքը այնքան ալ ընթերցող չէ, միւս կողմէն՝ ֆրանսացիները այնքան ալ չեն հետաքրքրուիր այդ հարցերով: Հակառակ ատոր, հազարէ աւելի գիրք վաճառուեցաւ, հրատարակիչն անգամ կատակով ըսաւ, թէ՝ քու գիրքիդ շնորհիւ միայն սկսայ դրամ շահիլ:

Կը կարծեմ, որ աշխատութեան մէջ ներառուած իւրաքանչիւր սիւն կը համապատասխանէ համայն հայութեան արժէքներուն, ուր ալ գտնուի ան: Հայկ Նահապետ, Տիգրան Մեծ, Աւարայրի ճակատամարտ, լեզու՝ որպէս հայ ինքնութեան խորհրդանիշ, կրօն, հայոց ցեղասպանութիւն, Սայեաթ-Նովա, Կոմիտաս, Սարդարապատի ճակատամարտ եւ Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրում եւ այլ կարեւոր դէպքեր ու դէմքեր:

Շատ օգտակար գիրք է յատկապէ՛ս ֆրանսահայ երիտասարդին համար, որպէսզի իմանայ՝ ի՛նչ բանի վրայ հիմնուած է հայոց ինքնութեան սիւնը, ի՛նչ կը նշանակէ հայ ըլլալը: Յատկապէս, որ այդ հարցումը յաճախ կ՚ուղղեն Ֆրանսայի մէջ՝ ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալը, ո՞վ հայ է, ո՞վ՝ ոչ, հայերէն չիմացողը կրնա՞յ ինքզինք հայ համարել եւ այլն:

-Լեզուն՝ որպէս հայ ինքնութեան խորհրդանիշ (ինչպէս դուք նշեցիք), որքանո՞վ կարեւոր է ինքնութեան պահպանման համար։

-Մայրենիի իմացութիւնը անհրաժեշտութիւն է: Այն մարդիկը, որոնք համայնքէն ներս կը զբաղին աշխոյժ գործունէութեամբ, բայց հայերէն չեն գիտեր՝ կաղ են (գուցէ խօսքերս քիչ մը խիստ կը հնչեն), չունին մուտք դէպի հայոց քաղաքակրթութիւն: Երբ Սայեաթ-Նովա կը լսեն, բան չեն հասկնար, չեն զգացուիր: Իմ կարծիքով՝ հայերէնի իմացութիւնը կարեւորագոյն պայմաններէն մէկն է ինքզինք հայ զգալու համար:

Չեմ կրնար ըսել, որ հայերէն չիմացողը հայ չէ, բայց ինծի կը թուի, որ հայերէնի իմացութիւնը ամենամեծ, ամենէն անհրաժեշտ պայմանն է հայ ըլլալուն:

-Պարոն Տէր-Մերկերեան, կրթութեան ասպարէզին մէջ ձեր մատուցած մեծ ծառայութիւններուն համար աշնան պարգեւատրուեցաք Ֆրանսայի պետութեան կողմէ։ Նախ կը շնորհաւորենք պատուոյ տիտղոսին համար եւ կը խնդրէինք որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացնել։

-Շնորհակալութի՛ւն: Պարգեւը, որ ստացած եմ, կը կոչուի «Ակադեմական դափնի»: Ֆրանսայի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ կը տրուի այն մարդոց, որոնք մեծ ծառայութիւններ մատուցած են կրթութեան ասպարէզին մէջ:

Ես այդ կոչման արժանացած եմ մանկավարժական գործունէութեանս, հայոց լեզուն ֆրանսական, համալսարանական միջավայրի մէջ զարգացնելուս համար:

Հետաքրքրական է, որ արարողութեան ընթացքին կրծքանշանը քեզ կը յանձնէ այն մարդը, որ արդէն ունի այդ պարգեւը: յՈւրախութիւն ինձ, պարգեւը յանձնեց Փրովանս համալսարանի նախկին ղեկավարներէն մէկը, ծագումով հայ Փոլ Քաֆթանճեանը, որուն հետ ճամբորդած ենք Հայաստան 1994-ին, երբ Փրովանս համալսարանին եւ Երեւանի Պետական համալսարանին միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր, որուն շնորհիւ ցայսօր կը պահպանուին կապերը երկու երկիրներու համալսարաններուն միջեւ:

-Ըսիք, որ մանկավարժական գործունէութեան ընթացքին փորձած էք ձեր ուսանողներուն փոխանցել հայերէնի արժէքները։ Ձեր կարծիքով՝ ո՞րն է հայոց լեզուի ամենամեծ արժէքը։

-Ես հինգ լեզու գիտեմ, ինչ որ ինծի կ՚օգնէ արժեւորելու իմ մայրենին՝ հայերէնը, ինչպէս զայն արժեւորած են շատ ծանօթ լեզուաբաններ, օրինակ՝ Անթուան Մէյէն:

Հայերէնը նուրբ լեզու է, հայախօս մարդիկ շատ հեշտութեամբ կ՚արտասանեն այլ լեզուներու հնչիւնները, որովհետեւ հայերէնը շատ հարուստ հնչիւնական համակարգ ունի: Երբ ոեւէ հայ կը խօսի անգլերէն, արաբերէն կամ ռուսերէն, անոր օտար ըլլալն աւելի քիչ կը զգացուի, որովհետեւ ան վարժուած է այդ լեզուներուն բնորոշ բոլոր հնչիւններուն: Բառապաշարի հարստութիւնը եւս իր տեղն ունի:

Ես ինծի յաճախ հարց կու տամ՝ ինչպէ՞ս բացատրել, որ հայ ազգը գոյատեւած է 2000-2500 տարի: Մեր տարածքաշրջանին մէջ ապրող քանի՜-քանի՜ ազգեր այսօր միայն պատմութեան դասագիրքերու մէջ մնացած են, իսկ մենք՝ կորսնցուցած ենք պետականութիւն, փոթորիկներու ընդմէջէն անցած ենք, սակայն կը շարունակենք գոյատեւել:

Ո՞րն է պատճառը, որ շատ ազգեր ու պետութիւններ փորձած են մեզ նուաճել, ենթարկել իրենց, բայց մենք մնացած ենք: Ինչո՞ւ: Պատասխանը շատ պարզ է. հայ ազգի իւրայատուկ յատկութիւններէն է ազգային աւանդութիւններու, առասպելներու, յիշողութեան փոխանցումը մէկ սերունդէն միւսը, ինչ որ մեր ժողովուրդը փրկած է ձուլումէն: Իմ ուսանողներուս յաճախ «Սասունցի Դաւիթ» առասպելի օրինակը կը բերեմ. շուրջ 1000 տարի բանաւոր փոխանցուելէ յետոյ՝ Սրուանձտեանց գրի առած է զայն միայն 1873 թուականին:

Երկրորդ արժէքը կրօնն է. եթէ չընդունէինք քրիստոնէութիւնը, դժուար է ըսել՝ հիմա ուր կ՚ըլլայինք: Կղզիի նման ապրած է մեր ազգը՝ շարունակելով պայքարիլ, պահպանել իր ինքնութիւնը:

Այսօր այդպէս է, կը պայքարինք Հայաստանի Հանրապետութեան պահպանման, զարգացման համար: Հայ ժողովուրդի ճակատագիրն է անընդհատ, սերունդէ սերունդ պայքարիլը. պայքարիլ իր ինքնութեան համար, պաշտպանել իր արժէքները՝ լեզուական, պատմական, մշակութային, որպէսզի կարենանք ապրիլ եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցել մեր արժէքները:

-Պարոն Տէր-Մերկերեան, այժմ ի՞նչ աշխատանքով զբաղած էք։

-Նախաձեռնած եմ աշխատութեան մը, որուն բնաբանը, մտահոգութիւնը հայկական սփիւռքի կեանքն ու անոր յարատեւութեան պայմանները ուսումնասիրելն է: Այն սփիւռքներուն, որոնք ժամանակին բաւական զարգացած էին, սակայն տարիներու ընթացքին մարած են, կորսուած: Իմ ապագայ գիրքիս մէջ կը ցանկամ ներկայացնել այդ համայնքներուն (Եթովպիա, Հնդկաստան, Խրիմ, Լեհաստան, Նոր Ջուղա) պատմութիւնը՝ կազմաւորումը դարեր առաջ, զարգացման փուլերը եւ դանդաղ կազմալուծումը: Տարբեր գաղութներու քայքայման, գրեթէ անհետացման պատճառները տարբեր են, իրենց տեղերը կը մնան միայն ժամանակին կառուցուած եկեղեցիները, մատուռներն ու որոշ յուշարձաններ:

Օրինակ՝ լաւ կազմակերպուած համայնքներ ունեցած ենք Եթովպիոյ, Հնդկաստանի, Խրիմի, Լեհաստանի, Նոր Ջուղայի մէջ, որոնք, սակայն, ժամանակի ընթացքին մարած են կամ թուլցած: Եթովպիոյ մէջ, օրինակ, 2500 հայ ապրած է, այսօր մնացած է միայն 40-ը: Լեհաստանի մէջ բոլորովին վերջերս կը տօնէին Հայերու ներկայութեան 650-ամեակը, իսկ այսօր այդ երկրին մէջ գրեթէ հայ չէ մնացած:

Նոյնիսկ այսօրուան ամենահզօր սփիւռքները, գուցէ, յետագային մարին: Իսկ պատճառները շատ են՝ խառն ամուսնութիւններ, լեզուի նահանջ եւ այլն: Ի վերջոյ, սփիւռքի կեանքը կախում ունի նաեւ տեղական, ընդունող երկրի վերաբերումէն:

Որքան ալ դժուար ըլլայ՝ պէտք է խոստովանինք, որ սփիւռքը կամ սփիւռքները յաւիտենական չեն եւ որքան շատ մերուին տեղական հասարակութեան մէջ, այնքան կորսնցնելու հաւանականութիւնները մեծ են: Ըսել է թէ՝ սփիւռքը յարատեւ չէ, անոր ապագան վտանգի տակ է:

Իմ գիրքիս մէջ կը փորձեմ հայկական սփիւռքի հինգ օրինակ ցոյց տալ, երբ երբեմնի ծաղկուն համայնքներէն այսօր մնացած են միայն եկեղեցիները:

Շաբաթ, Փետրուար 9, 2019