ԱՐՄԱՆ ԹԱԹՈՅԵԱՆ. «ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ ԻՇԽԱՆԱՎԷՃՈՎ ԶԲԱՂԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՉԷ»

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան կը շարունակէ հետեւողականօրէն օրակարգի վրայ բերել երկրի սահմանամերձ շրջաններու առկայ խնդիրները։ Ան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ հերթական գրառումով ու շեշտեց, որ Սիւնիքի մարզէն ներս, համայնքները իրար կապող ճանապարհներու վրայ Ատրպէյճանի բանակի զինուորներու, դրօշակներու եւ ցուցանակներու գոյութիւնը զուրկ է իրաւական բոլոր հիմքերէ։ Արդարեւ, այս երեւոյթները կը հակասեն մարդու իրաւանց միջազգային համակարգի հիմքերուն եւ կը խախտեն իրաւունքի գերակայութիւնը։ Ըստ Արման Թաթոյեանի, սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներուն համար գոյութիւն չունի կանխատեսելիութիւն կամ գործողութիւնները անորոշ են։ Լրջօրէն վտանգուած են Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու սահմանային բնակիչներու եւ առհասարակ Հայաստանի ամբողջ բնակչութեան կեանքի, արժանապատուութեան, ֆիզիքական եւ հոգեկան անձեռնմխելիութեան եւ կենսական կարեւորութեամբ միւս իրաւունքները։

Արման Թաթոյեան հերթական անգամ ահազանգ կը հնչեցնէ, որ Հայաստանի սահմաններու որոշման գործընթացը տեղի կ՚ունենայ պատերազմի եւ ուժի կիրառութեան սպառնալիքներու ներքեւ։ Պատերազմի եւ ուժի սպառնալիքներու ճանապարհով սահմանազատումները կը կատարուին մեքանիք միջոցներով եւ անթոյլատրելի արագութեամբ՝ առանց մասնագիտական աշխատանքներու, միջազգային կանոններու կոպիտ խախտումներով։ Անտեսուած են Հայաստանի սահմանային բնակիչներու իրաւունքներն ու օրինական շահերը։ Ատրպէյճանի իշխանութեան բարձրագոյն մարմինները, հանրային գործիչները կը վիրաւորեն հայերը, ամբողջ հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը նուաստացնելու նպատակով։ Պատերազմի ընթացքին աւելի քան 100 հազար բնակիչ տեղահանուած է իր մշտական բնակավայրէն, իսկ պատերազմի հետեւանքով անօթեւան մնացած է շուրջ 40 հազար հոգի։ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ օգտագործուած վարձկան ահաբեկիչները հայերու հանդէպ կատարած են պատերազմական յանցագործութիւններ եւ դաժանութիւններ։ Ահաբեկչական մեթոտներով Արցախի հայերու դէմ իրականացուած են էթնիք զտումներ եւ ցեղասպան քաղաքականութիւն։ Խոշտանգուած եւ անմարդկային վերաբերմունքի ենթարկուած են խաղաղ բնակիչներ կամ զինուորականներ։

Այս բոլորի լոյսին տակ Արման Թաթոյեան շեշտած է, որ վերը նկարագրուած մօտեցումներով սահմաններու որոշումը պիտի չնպաստէ տարածքաշրջանէ ներս ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութեան։ Ընդհակառակն, այս բոլորը պարարտ հող կը ստեղծեն Ատրպէյճանէ ներս անդադար հայատեացութեան ու թշնամանքի, մարդու իրաւանց շարունակական կոպիտ խախտումներու եւ այլ վտանգաւոր դրսեւորումներու համար։

Ի լրումն այս բոլորին, Արման Թաթոյեան բոլորին սթափութեան կոչ ուղղած է։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ան շեշտած է, որ վերջին ժամանակաշրջանին Հայաստանի հանրային քննարկման տիրոյթը գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուած է իշխանավէճի նիւթերով։ Այս պատճառով շուքի տակ մնացած են երկրէն ներս մարդու իրաւանց իսկական խնդիրները, անտեսուած են մարդոց վերաբերեալ իրական գերակայութիւնները։ «Պետութեան քաղաքական համակարգը իշխանավէճով զբաղելու համար չէ։ Մեր երկիրը կանգնած է լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ։ Խախտուած կամ լրջօրէն վտանգուած են սահմանային բնակչութեան կենսական իրաւունքները, անոնց համար իրենց վերաբերեալ հարցերուն մէջ այդպէս ալ կանխատեսելիութիւն չ՚ապահովուիր», նշած է Արման Թաթոյեան սթափութեան կոչին մէջ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2021