ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԻՋԵՒ ԴՐԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏ ՄԸ ԿԸ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒԻ

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ Եգիպտոսի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու մէջ նոր էջ մը կրնայ բացուիլ։

«Bloomberg»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Իպրահիմ Քալըն անդրադարձաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի, Եւրոմիութեան եւ Արաբական երկիրներու հետ յարաբերութիւններու ընթացքին։ Բանբերի խօսքով՝ Թուրքիա կը փափաքի Եգիպտոսի հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները քննարկել։ Տարածքաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան համար նոր էջ մը կրնայ բացուիլ Եգիպտոսի եւ Արաբական ծոցի միւս երկիրներու հետ յարաբերութիւններու մէջ։

Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքի առկայ տարակարծութիւնները թուարկելէ վերջ, Իպրահիմ Քալըն յոյս յայտնեց, թէ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ շփում մը պիտի հաստատուի։ Ան ընդգծեց նաեւ, որ առաւելապաշտ դիրքորոշմները պատճառ կրնան դառնալ՝ Թուրքիոյ պարագային ուղղութեան փոփոխութեան։ Այս կապակցութեամբ Քալըն մատնանշեց նաեւ օրինակ մը։ ԱՄՆ արգիլեց Թուրքիոյ կողմէ Փաքիստանի համար ռազմական ուղղաթիռներու վաճառքը եւ աւելի վերջ այդ մրցոյթը շահեցաւ Չինաստան։ Այստեղ տուժած կողմը եղաւ ԱՄՆ։

Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններուն անդրադառնալով՝ Իպրահիմ Քալըն նշեց, որ Թուրքիա կը ձգտի ա՛լ աւելի զարգացնել զանոնք։ Անգարայի օրակարգին վրայ կը գտնուին շատ աւելի մեծ ու կարեւոր նիւթեր՝ քան Աթէնքի հետ սկսած բանակցութիւնները։ Այդ նիւթերու շարքին են գաղթի համաձայնութեան որոշումը, մուտքի արտօնութիւններու ջնջուիլը, Մաքսային միութեան համաձայնութեան վերանորոգումը եւ այլն։ Քալընի խօսքով՝ այս բոլորը յարաբերութիւնները վերակենդանացնելու տեսակէտէ ճանապարհային նոր քարտէս մը կը ստեղծեն։ Թէեւ կարգ մը երկիրներ կողմնակից են, որ Թուրքիոյ պարագային աւելի խիստ մօտեցում մը որդեգրուի, սակայն ԵՄ-ի լիիրաւ անդամակցութեան հեռանկարը Թուրքիոյ դէմ՝ որպէս խաղաքարտ օգտագործելը ճիշդ չէ։ «ԵՄ-ի բանիմաց երկիրները թոյլ չեն տար նման վիճակի մը ստեղծուելուն», ըսաւ Քալըն։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Իպրահիմ Քալըն նշեց, որ Եգիպտոսի հետ Թուրքիա կը փափաքի երկկողմանի յարաբերութիւնները քննարկել եւ համագործակցութիւն ծաւալել՝ Միջերկրականի արեւելքի, Լիպիոյ եւ ըստ երեւոյթին աշխարհի կողմէ մոռցուած Պաղեստինի խնդիրներուն շուրջ։ «Եգիպտոս կը մնայ արաբական աշխարհի ուղեղն ու սիրտը։ Մենք լաւ կը հասկնանք, որ ունի կարգ մը տնտեսական եւ անվտանգութեան խնդիրներ։ Երկու երկիրներու երկխօսութիւնը կրնայ զարգացնել երկկողմանի եւ տարածքաշրջանային յարաբերութիւնները։ Նոյն ձեւով այս բանը ի զօրու է նաեւ Արաբական ծոցի միւս չորս երկիրներուն համար։ Մենք անլուծելի որեւէ խնդիր չունինք արաբական երկիրներու հետ», ըսաւ Քալըն։

ԱԹԷՆՔԷՆ ՋԱՆՔԵՐ

Միւս կողմէ, Անգարա-Գահիրէ առանցքի վերջին շրջանի մեղմացումը շարժման անցուցած է նաեւ Աթէնքը։ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս երէկ այցելեց Գահիրէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարար Սեմիհ Շիւքրիի հետ։ Միջերկրականի արեւելքին ծովային իրաւասութեան սահմաններուն համար Անգարայի հետ առկայ ազդեցութեան պայքարի պայմաններուն ներքեւ՝ Աթէնքի տեսակէտէ էական նշանակութիւն ունի Գահիրէի դիրքորոշումը։ Թուրքիա վերջին շրջանին հրապարակաւ բարձր գնահատանքի արժանացուցած է այս հարցին վերաբերեալ Եգիպտոսի քաղաքականութիւնը, որով յարգանք կը ցուցաբերուի Թուրքիոյ իրաւունքներուն։ Սա լուրջ գործօնի մը վերածուած է Անգարա-Գահիրէ մեղմացման տեսակէտէ։ Առկայ մրցակցութեան պայմաններուն ներքեւ այս երեւոյթը նպաստաւոր չի համարուիր Յունաստանի շահերուն առումով։ Ուստի, Աթէնքի ջանքերը ներկայիս ուղղուած են ստեղծուած իրավիճակը հաւասարակշռելու։

Երեքշաբթի, Մարտ 9, 2021