ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ՀԱՄՈԶՄԱՄԲ, ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԱՆԶԳՈՅՇ ՓՈՐՁ ՄԸ ԸՐԱԾ Է՝ ԻՐ ԿՐԱԾ ՆՈՒԱՍՏԱՑՈՒՑԻՉ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԵՂՔԸ ԲԱՆԱԿԻ ՎՐԱՅ ԲԱՐԴԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ «www.ilur.am» կայքէջին վրայ ամփոփ խորհրդածութիւնով մը հանդէս եկաւ ներքին քաղաքական տագնապալի իրավիճակին մէջ։ «Արձանագրումներ պահու թելադրանքով» վերնագրով հրապարակուած ամփոփ խորհրդածութիւնը ուշագրաւ է այն առումով, որ երկրի առկայ վերիվայրումներու մթնոլորտին մէջ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երկար ժամանակէ ի վեր լռութիւն կը պահէ։ Նոյնպէս իր ղեկավարած քաղաքական ուժի յառաջատար դէմքերը յայտարարութիւններ չէին կատարեր։ Պարզապէս, պատերազմէն անմիջապէս վերջ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան զգուշացուցած էր, որպէսզի երկիրը խնայուի քաղաքացիական պատերազմէ մը։ Ան ալ համամիտ էր կառավարութեան հրաժարականին, սակայն յաջորդած ընդդիմադիր շարժման ուղղակի մասնակցութիւն մը չբերուեցաւ իր ղեկավարած քաղաքական ուժին կողմէ։

Այս բոլորէն վերջ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկուան կարճ մեկնաբանութեան մէջ նշեց հետեւեալը. «Ինձ համար լիովին հասկնալի է զինուորականութեան բարձրագոյն հրամանատարական կազմի վրդովմունքը եւ բանակի դիրքորոշումը՝ միջամտելու իր իրաւասութիւններէն դուրս քաղաքական գործընթացներուն։ Պատճառը ոչ այլ ինչն է, եթէ ոչ վարչապետի անզգոյշ փորձը՝ իր կրած նուաստացուցիչ պարտութեան մեղքը բանակի վրայ բարդելու։ Ասով հանդերձ, կ՚ուզեմ ողջունել զինուորականութեան զուսպ պահուածքը՝ որոշ ուժերու կողմէ զայն հակասահմանադրական գործողութիւններու մղելու կոչերուն եւ դրդումներուն փոխարէն։ Նման պահուածքը ես կը գնահատեմ՝ որպէս բանակի ղեկավարութեան պետական մտածողութեան օրինակելի դրսեւորում եւ երկիրը կործանարար ցնցումներէ զերծ պահելու ազնիւ ձգտում, ինչ որ արժանի է մեր ժողովուրդի անկեղծ երախտագիտութեան»։

Խորհրդածութեան մէջ, միեւնոյն ժամանակ, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան չափազանց վտանգաւոր եւ դատապարտելի համարած է կարգ մը քաղաքական գործիչներու անպատասխանատու յայտարարութիւնները՝ ռազմական յեղաշրջումը որպէս պետութեան առողջացման դրական միջոց ներկայացնելու ուղղութեամբ։ Այդպիսի օրինակներ, անշուշտ, կան, բայց տասնապատիկ աւելի շատ են այն դէպքերը, երբ յեղաշրջումները, դառնալով պարբերական, բառին բուն իմաստով յանգեցուցած են պետականութեան ոչնչացման եւ ժողովուրդներու տեւական տառապանքներու։ Ուստի, ամբողջ հայութեան պարտքն է՝ առաջնորդուիլ բացառապէս այս գիտակցութեամբ եւ ամէն ինչ ընել, որպէսզի Հայաստան յիշեալ պետութիւններու շարքը չլրացնէ։

Երեքշաբթի, Մարտ 9, 2021