ԾԱՓԱՀԱՐԵԼԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբը երէկ մասնակցութիւն բերաւ երաժշտական փառատօնի մը, որու ընթացքին արձանագրեց ծափահարելի յաջողութիւն մը։ Արդարեւ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի խումբը հերթական անգամ հայկական երաժշտութիւնը փայլուն ձեւով ներկայացուց՝ օտար ունկնդիրներու միջավայրին մէջ։

Շաբաթավերջին երաժշտասէր հասարակութեան անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Korolar Maratonu փառատօնը, որ կազմակերպուած էր Koro Kül-türü Derneği-ի նախաձեռնութեամբ։ Իսթանպուլի Թեքնիկ համալսարանի Մաչքայի մասնաշէնքի «Մուսթաֆա Քեմալ» ամփիթատրոնին մէջ գործադրուեցաւ փառատօնի երկօրեայ յայտագիրը։ Թէ՛ Թուրքիայէն եւ թէ այլ երկիրներէ երգչախումբեր մասնակցութիւն բերին այս ծրագրին։ Վերոյիշեալ միութիւնը վերջին քանի մը տարիներուն կը կազմակերպէ նման փառատօն մը։ Լուսաւորիչ երգչախումբը Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած այս միջազգային փառատօնին առաջին անգամ մասնակցութիւն կը բերէ։ Ինչպէս ծանօթ է, Յակոբ Մամիկոնեան եւ իր սաները ցայսօր մասնակցութիւն բերած են Իսթանպուլէ դուրս կազմակերպուած միջերգչախմբային փառատօններուն, որոնց ընթացքին միշտ արձանագրած են նկատելի յաջողութիւն։ Թուրքիոյ այլ քաղաքներուն մէջ մասնակցութիւն բերած փառատօններուն ի շարունակութիւն՝ Լուսաւորիչ երգչախումբը արդէն Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած փառատօնին մէջ ալ իր որակով ու մակարդակով արժանացաւ ունկնդիրներու բարձր գնահատանքին։ Երէկ, երեկոյեան ժամերուն Լուսաւորիչ երգչախումբը Korolar Maratonu-ին մասնակցութիւն բերաւ հինգ երգէ բաղկացեալ յայտագրով մը։ Այսպէս, անգլիական երգի մը առընթեր երգչախումբը ունկնդիրներուն մատուցեց «Սուրբ Սուրբ»ը (Եկմալեան), «Երկնից գետնից»ը (Կոմիտաս), «Հա կլոր»ը (Գրիգոր Սիւնի) եւ «Նարօ ճան»ը (Կանաչեան)։ Այս վերջին կտորին ժամանակ մեներգներով հանդէս եկան՝ Մարիա Էրշէն, Շանթ Չաքմաքճը եւ Սէրճան Կազէրօղլու։ Կատարումներուն ժամանակ երգչախումբին դաշնակով նուագակցեցաւ՝ Աննա Գէորգեան-Ուղուրլեան։

Լուսաւորիչ երգչախումբը, որ հանդէս եկաւ յիսուն հոգիէ բաղկացեալ կազմով մը, խոր տպաւորութիւն գործեց ունկնդիրներուն վրայ։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին ունկնդիրները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին Լուսաւորիչ երգչախումբը։

Սրահին մէջ ներկայ էին նաեւ մեր համայնքէն բազմաթիւ երաժշտասէրներ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 9, 2018