ՆՈՐ ԴԷՄՔ­, ՆՈՐ ԿԵՐՊԱՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր երդումը կատարելով պաշտօնապէս գործի կը ձեռնարկէ։ Ան հայոց պետականութեան գլուխը կ՚անցնի՝ որպէս նոր դէմք, նոր կերպար։ Արմէն Սարգսեան Հայաստանի նախագահ կը դառնայ՝ վերջին սահմանադրական փոփոխութիւններով հաստատուած խորհրդարանական համակարգի պայմաններուն ներքեւ։ Հայաստան ցայսօր ղեկավարուեցաւ նախագահական եւ կիսանախագահական համակարգերով եւ արդէն այսօր պաշտօնապէս ու վերջնականօրէն երկրէն ներս կը հաստատուի նոր՝ խորհրդարանական համակարգը։ Հասկնալի է, որ խորհրդարանական համակարգի պարագային հանրապետութեան նախագահը շատ աւելի սահմանափակ լիազօրութիւններ ունի, նոյնիսկ խորհրդանշական։ Յամենայնդէպս, որքան որ ալ խորհրդանշական ըլլայ՝ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը կարեւոր է, կ՚ենթադրէ ծանր պատասխանատուութիւն։ Այս առումով Արմէն Սարգսեան լայնախարիսխ զօրակցութիւնով մը պաշտօնի կը ձեռնարկէ եւ անոր վրայ դրուած են լուրջ յոյսեր՝ ցարդ իր կուտակած փորձառութեան եւ ապահոված վարկին բերումով։

Երեւանի մէջ, Հայաստանի Ազգային ժողովը այսօր «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ կը գումարէ յատուկ նիստ մը եւ այս ձեւաչափին մէջ, հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ տեղի կ՚ունենայ նոր նախագահի երդման արարողութիւնը։ Կը հաղորդուի, որ միջազգային հիւրեր եւս մասնակցութիւն կը բերեն երդման արարողութեան։

Մինչ այդ, այս փուլին զանազան վերլուծութիւններ եւ մեկնաբանութիւններ կը կատար-ւին Հայաստանի ապագային, ու մանաւանդ տեսանելի ապագային կապակցութեամբ։ Տասն տարի որպէս հանրապետութեան նախագահ պաշտօնավարելէ վերջ Սերժ Սարգսեան այսօր այդ պաշտօնէն կը հեռանայ։ Բայց եւ այնպէս բոլորը համամիտ են, թէ տեսանելի ապագային ան պիտի շարունակէ մնալ երկրի փաստացի ղեկավարը։ Այլեւս գրեթէ յայտնի է, որ ան պիտի դառնայ վարչապետ՝ քանի որ խորհրդարանէն ներս իր ղեկավարած կուսակցութիւնը ունի մեծամասնութիւն, ու մանաւանդ նոր համակարգով գործադիր իշխանութեան գլուխը պիտի ըլլայ վարչապետը։ Երկրի ընդդիմութիւնը թէեւ շարժման անցած է այս վարկածին դէմ, սակայն իրադարձութիւններու ընթացքը այնպէս մըն է, որ Սերժ Սարգսեանի փաստացի իշխանութիւնը կը համարուի երաշխաւորուած։

Սերժ Սարգսեանի վարչապետ դառնալու լուրջ հեռանկարի լոյսին տակ՝ միջազգային վերլուծաբաններ դրական տրամադրութիւններ կը դիտարկեն երկրի ապագային տեսակէտէ ու կ՚ենթադրեն, որ լիազօրութիւններուն նոր բաժանումը աւելի լաւ պիտի աշխատի Հայաստանի պարագային։ «Քարնեկի» հիմնարկի յայտնի վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ եւս վերջին օրերուն անդրադարձաւ Հայաստանի ներքին քաղաքական խմորումներուն։ Ան կ՚ընդգծէ հետեւեալ հարցադրումը. Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւնը արդեօք պիտի ապահովէ՞ փոփոխութիւններ։ Ըստ Թոմաս տը Վաալի, երկիրը մտած է իշխանափոխութեան փուլ եւ սա որոշ առումով փորձառութիւն մըն է։ Նոր դրութիւնը թոյլ կու տայ, որ երկրէն ներս իշխանութեան գլուխ գտնուող վերնախաւը շարունակէ մնալ իշխանութեան գլուխ։ Բրիտանացի վերլուծաբանը կ՚ընդգծէ, որ սա յաճախ տեղի կ՚ունենայ նախկին սովետական կամ յետխորհրդային երկիրներուն մէջ։ Սերժ Սարգսեան 2008 թուականէն ի վեր իշխանութեան գլուխ կը գտնուի եւ այս ամբողջ ընթացքին երկիրը չէ կրցած նոր առաջնորդ մը ընտրել։

Ըստ Տը Վաալի, այնուամենայնիւ, առարկայական խօսքով, նոր դասաւորումը եւ լիազօրութիւններու բաժանումը աւելի լաւ պիտի աշխատին Հայաստանի համար, քան նախկինները։ «Անցեալ ամիս Հայաստան այցելելով, ես տեսայ, որ տրամադրութիւնները աւելի դրական են՝ քան ես կ՚ակնկալէի», նշած է ան։ Նոյն վերլուծաբանը յիշեցուցած է, որ չորս տարի առաջ Հայաստան վատագոյն վիճակի մէջ կը գտնուէր։ Տնտեսութիւնը հազիւ վերականգնուած էր 2009 թուականի ճգնաժամին հետեւանքով յառաջացած մեծ կորուստներէն վերջ։ Իսկ Սերժ Սարգսեան Մոսկուայի ճնշման ներքեւ հեռու մնացած էր Եւրոմիութեան հետ համարկման համաձայնագրի կնքումէն։

Ըստ Թոմաս տը Վաալի, Սերժ Սարգսեան խորաթափանց քաղաքական գործիչ մըն է, որ երկար խաղ կը խաղայ։ Այդ ժամանակէն սկսեալ Սերժ Սարգսեան շատ աշխատած է աւելի հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն մը վարելու համար։ Թէեւ Ռուսաստան կը շարունակէ մնալ հիմնական գործընկերը, սակայն Հայաստան պահպանած է Պրիւքսելի հետ իր գործարքի բազմաթիւ քաղաքական երեսակները։ Անցեալ տարի Եւրոմիութեան հետ Հայաստան ստորագրեց նոր համաձայնագիր մը՝ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին։ Այդ համաձայնութիւնը կ՚ենթադրէ ԵՄ-ի աջակցութիւնը աւելի լաւ ներդրումային միջավայր մը ստեղծելու,  քաղաքացիական հասարակութեան աջակցելու եւ բնապահպանութիւնը ուժեղացնելու ուղղութեամբ։

Թոմաս տը Վաալի դիտարկումներով, փոփոխութիւնները անդրադարձած են կառավարութեան առանցքային պաշտօններուն։ Այստեղ ան յիշեցուցած է նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի պաշտօնէն հեռանալը։ Պաշտպանութեան նախարար դարձած է 42-ամեայ Վիգէն Սարգսեան, որ կրթութիւն ստացած է Միացեալ Նահանգներու մէջ։ «Այլ խօսքով, Սերժ Սարգսեան ստեղծած է գլուխ կոտրտուքի հատուածներ, որոնք կրնան Հայաստանը յառաջ տանիլ։ Բայց առանցքային հարցն է՝ արդեօք պիտի տանի՞ն», գրած է վերլուծաբանը, որու բնորոշումով Հայաստանի հիմնական խնդիրները տակաւին ահռելի են։ Սահմանադրական փոփոխութիւններու բերումով աւելի հզօր դարձած խորհրդարանը կը մնայ գործարարութեան եւ քաղաքականութեան միջեւ կապող օղակ եւ սա կը յառաջացնէ կաշառակերութիւն։ Արտագաղթի մակարդակը կը մնայ բարձր։ Մնաց որ երկրի գլխուն կախուած կը մնան Լեռնային Ղարաբաղի չլուծուած հիմնախնդիրը եւ փակ սահմանները Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ։

Եթէ այս դրական շրջադարձը հաստատուի եւ վարչապետ դառնալով Սերժ Սարգսեան իսկապէս փափաքի աւելի լաւ գործող եւ բաց Հայաստան մը տեսնել, ապա այս բոլորին առումով ուշադիր պէտք է հետեւիլ, թէ ան ովքեր պիտի նշանակէ կառավարութեան առանցքային պաշտօններուն համար։ «Այլ խօսքով, Սերժ Սարգսեան կը մտածէ՞ ելքի ռազմավարութեան մասին կամ պարզապէս ուրախ է՞ այն ինչին համար, որ կայ», հարց տուած է վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 9, 2018