ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԱՆԵԼ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ այցելեց Մոսկուա, ուր հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարները նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Անոնք սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան չեն պատրաստուիր Ռուսաստանի հետ համագործակցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ։ Մոսկուայի մէջ Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ։ Միրզոյեանը Մոսկուայի մէջ հիւրընկալելու զուգահեռ՝ Սերկէյ Լաւրով հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Կը հաղորդուի, որ Լաւրով եւ Պայրամով անդրադարձան 44-օրեայ պատերազմի աւարտին Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ կատարուած եռակողմանի յայտարարութիւններով նախատեսուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին։ Օրուան տեւողութեան Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Սերկէյ Լաւրովի երէկուան հաստատումը, խորքին մէջ, կու գայ հաստատել Երեւանի տեսակէտէ դիւանագիտական անել մը։ Արդարեւ, ռուս նախարարը բացէ ի բաց ընդգծած է, որ Ուաշինկթըն եւ Փարիզ պատրաստակամ չեն այս փուլին Մոսկուայի հետ համագործակցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով։ Սա Ուքրայնայի պատերազմի անխուսափելի հետեւանքն է։ Իսկ Երեւան Պաքուի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի մը պատրաստութեան գործընթացը յառաջ տանելու համար միշտ կը պնդէ, որ այդ ամբողջ աշխատանքը պէտք է կատարուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ։ Հետեւաբար, ստեղծուած իրավիճակին մէջ հայկական կողմի նախընտրութիւններուն առջեւ գործնականօրէն անյաղթահարելի դժուարութիւններ ըլլալ կը թուին։

Սերկէյ Լաւրով երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին եւ հերթական անգամ կրկնեց, որ Ռուսաստան կ՚ողջունէ այդ մէկը։ Ռուս նախարարի խօսքով՝ Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ կապերու կարգաւորումը տարածաշրջանէ ներս մթնոլորտը կ՚առողջացնէ։ Նոյն ամբողջին մէջ Լաւրով խօսեցաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած՝ 3+3 ձեւաչափով տարածաշրջանային խորհրդատուական հարթակին մասին։ Ըստ իրեն, բոլոր մասնակիցները համակարծիք են, թէ այս հարթակը յաւելեալ հնարաւորութիւններ կը բանայ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու եւ անոնց հարեւաններու միջեւ բազմակողմանի երկխօսութեան եւ համագործակցութեան ուղղութեամբ։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2022