ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ուաշինկթըն կատարած աշխատանքային այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Ծանօթ է, որ ան այս ուղեւորութեան ձեռնարկեց Ուաշինկթընի Ազգային մայր տաճարին մէջ 2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով տեղի ունեցած միջկրօնական աղօթքին մասնակցելու համար։ Սերժ Սարգսեանին կ՚ուղեկցէր բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, իսկ Ուաշինկթընի ղեկավարութեան կողմէ ալ արարողութեան մասնակցեցան բարձրաստիճան դէմքեր. յանձինն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընի եւ ՄԱԿ-ի մօտ ԱՄՆ-ի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Սամանթա Փաուէրի։ Սերժ Սարգսեանի այս ուղեւորութիւնը յատկանշական էր նաեւ այն առումով, որ 1915 թուականի դէպքերուն կապակցութեամբ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի ղեկավարութեանց դիրքորոշումները չեն համընկնիր հարիւր տոկոսով։ Այս հանգամանքը վառ դրսեւորումներ ունեցաւ Սարգսեանի աշխատանքային այցելութեան ընթացքին։ Ամենաուշագրաւ հանգամանքներէն մին այն էր, որ 100-րդ տարելիցի մթնոլորտին մէջ Ուաշինկթըն գտնուելով հանդերձ, Սերժ Սարգսեան չմէկտեղուեցաւ ԱՄՆ-ի Նախագահ Պարաք Օպամայի հետ։ Յայտնի էր, որ Օպամայի վարչակազմը հաւասարակշռութիւն մը ընտրած էր, որպէսզի թէ՛ առերեւոյթ յարգանքի մէջ չթերանայ եւ թէ հայկական հարցին շուրջ յաւելեալ յանձնառութեան մը տպաւորութիւնը չստեղծէ։ Ուաշինկթընի Ազգային մայր տաճարին մէջ ԱՄՆ-ի ղեկավարութիւնը ներկայացուեցաւ Ճօ Պայտընի կողմէ։ Սա իսկապէս շատ բարձր մակարդակի մասնակցութիւն մըն էր։ Մասնակցութեան մակարդակը թէեւ բարձր էր, սակայն նոյնքան ուշագրաւ էր, որ այդ արարողութեան ընթացքին Ճօ Պայտըն չարտայայտուեցաւ։ Յատկանշական անուն մըն էր նաեւ Սամանթա Փաուէր, որ ցեղասպանութիւններու նիւթին վրայ մասնագիտացած բարձրաստիճան դիւանագէտ մըն է։ Նախագահ Օպամայի հետ չտեսակցելով հանդերձ, Սերժ Սարգսեան Ուաշինկթընի կեցութեան օրերուն մէկտեղուեցաւ ԱՄՆ-ի Գոնկրէսի շրջանակներէն դէմքերու հետ եւ այս երեւոյթը կարելի է բացատրել այն հանգամանքի լոյսին տակ, թէ հայկական կողմը ԱՄՆ-ի Գոնկրէսին մօտ ունի ամուր յենարաններ։ Ուաշինկթընի Ազգային մայր տաճարին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին Սերժ Սարգսեան յստակ մեկնաբանութիւններ ըրաւ հայկական հարցի վերաբերեալ ԱՄՆ-ի ղեկավարութեան դիրքորոշման շուրջ։ Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, ան յոյս յայտնեց, թէ ԱՄՆ-ի կողմէ Եղեռնի լիարժէք ճանաչման հարցը ոչ թէ «եթէ»ի, այլ «ե՛րբ»ի հարց մըն է։ Այս կէտին վրայ ան յիշեցուց, թէ ԱՄՆ-ի քառասունչորս նահանգներ արդէն ճանչցած ու դատապարտած են 1915-ը՝ որպէս մարդկութեան դէմ իրագործուած ոճիր, զայն որակելով ցեղասպանութիւն։ Ան կանգ առաւ 1915-ի շրջանին ԱՄՆ-ի կողմէ կատարուած դերակատարութեան վրայ, արտասանելով պատմութեան հոլովոյթին մէջ հեղինակութիւն դարձած շարք մը անուններ։ «Եկէք համատեղ ուժերով վիրակապենք մարդկութեան վէրքերը՝ հասնելու համար արդարութեան եւ խաղաղութեան մեր մօտ եւ ամբողջ աշխարհի մէջ» կոչ ուղղեց Սերժ Սարգսեան Ուաշինկթընի մէջ, Փոխ-նախագահ Պայտընի ներկայութեան։ 

Դէպի Ուաշինկթըն Սերժ Սարգսեանի աշխատանքային այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ նաեւ Հայաստանի ղեկավարութեան եւ ամերիկահայ կազմակերպութիւններու միջեւ ուղղակի խորհրդակցութիւններու՝ վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ։ Սարգսեան տեսակցեցաւ ԱՄՆ-ի հայ համայնքի ներկայացուցիչներէն բաղկացեալ բազմանդամ խումբի մը հետ, նաեւ զրուցեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պիւրոյի ԱՄՆ-ի Արեւելեան Ափի կեդրոնական կոմիտէի եւ տեղւոյն Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչներուն հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան մասնաւորապէս յորդորեց, որպէսզի բոլոր հայերը շարունակեն աշխուժօրէն ներգրաւուիլ Հայաստանի պետականաշինութեան գործին։ «Անցեալին մեր խնդիրն էր՝ բարեգործութենէն անցնիլ դէպի փոխադարձ շահութաբեր գործունէութեան։ Այսօր արդէն մեր խնդիրն է՝ ընդլայնել այդ գործընկերութիւնը», ըսաւ Սերժ Սարգսեան եւ աւելցուց, թէ Հայաստանի մասնակցած միջազգային համարկման գործընթացները նոր շուկաներ կը բանան հայ գործարարներուն համար։ «Մեր նպատակն է՝ Հայաստանը դարձնել տնտեսապէս կայուն, զարգացող, բազմազան ու ներդրումներու համար գրաւիչ երկիր մը։ Այստեղ մենք որոշ յաջողութիւններ ունինք գործարար եւ ներդրումային միջավայրի բարելաւման, բաց երկնքի քաղաքականութեան, ազատ տնտեսական գօտիներու ստեղծման, ինչպէս նաեւ գիտելիքահէնք տնտեսութեան խրախուսման շնորհիւ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան եւ աւելցուց, թէ Հայաստանի մէջ ամէն տարի կը մեծնայ նաեւ ամերիկեան գործարարութեան ներկայութիւնը, այժմ երկրէն ներս կը գործեն ամերիկեան դրամագլուխով աւելի քան չորս հարիւր ընկերութիւններ։ 

Ամերիկահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն խօսք ուղղելու ժամանակ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Այս կապակցութեամբ ան ըսաւ. «Անշուշտ, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը կը շարունակէ ըլլալ մեր ամենաառաջնային հարցերէն մին։ Հայաստանի դիրքորոշումը եղած է եւ կը մնայ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն հիման վրայ խնդրի խաղաղ կարգաւորումը՝ համահունչ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու եւ համանախագահ երկիրներու դիրքորոշման»։

Հանդիպումներուն կամ արարողութիւններուն ընթացքին ունեցած ելոյթներուն առընթեր Սերժ Սարգսեան պատգամներ փոխանցեց նաեւ ամերիկեան յառաջատար լրատուամիջոցներու միջոցաւ։ Իր հետ հարցազրոյց մը լոյս տեսաւ «The Washington Post» թերթին մէջ։ Այս առթիւ Սարգսեանին հարց տրուեցաւ Պարաք Օպամայի կողմէ ցեղասպանութիւն բառին չօգտագործման շուրջ։ Ի պատասխան ան ըսաւ. «Կը կարծեմ՝ եթէ ըսէր, սա օգտակար պիտի ըլլար։ ԱՄՆ պէտք է արժէքները վեր դասէ շահերէն»։ 

Նոյն հարցազրոյցին մէջ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ Հայաստանի Եւրոասիոյ Տնտեսական միութեան մասնակցութեան որոշման։ Ան այս որոշումը համարեց շահապաշտ։ Արդարեւ, Հայաստանի արտածման մէկ երրորդը բաժին կ՚իյնայ Ռուսաստանին եւ անոր գործընկերներուն։ Աւելի՛ն, Ռուսաստան բաւական լաւ գինով բնական կազ կը վաճառէ շրջափակեալ Հայաստանին, որու ուժանիւթի պաշարները աղքատ են։ Ըստ Սերժ Սարգսեանի, Հայաստան կը շարունակէ ձգտիլ լաւ յարաբերութիւններ ունենալ Եւրոմիութեան հետ։ Բայց եւ այնպէս, ԵՄ-ի հետ նախատեսուած ազատ առեւտուրի համաձայնագիրը չէր կրնար բաւարար հնարաւորութիւններ ընձեռել, յատկապէս այն պատճառով, որ Հայաստանի սահմանը Թուրքիոյ հետ կը շարունակէ փակ մնալ։ 

Նախագահ Սարգսեանի առընթեր, Երեւանի ղեկավարութեան պատգամները Ուաշինկթընի մէջ փոխանցեց նաեւ իր ընկերակից պատուիրակութեան անդամներէն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։ ԱՄՆ-ի Մամլոյ ազգային ակումբի երդիքին տակ Եդուարդ Նալպանտեան ունեցաւ ելոյթ մը Նուպար Աֆէեանի հետ, որ կը գլխաւորէ 2015-ի առթիւ ԱՄՆ-ի մէջ նախատեսուած ոգեկոչման արարողութիւններու կարգադիր յաձնախումբը։ Նախարար Նալպանտեան այս առթիւ ընդհանուր մեկնաբանութիւններ ըրաւ 2015-ի ոգեկոչումներուն, աշխարհի վերաբերմունքին եւ Թուրքիոյ կողմէ ցուցաբերուած հակազդեցութիւններուն առընչութեամբ։ Այս ծիրին մէջ ան մեծապէս կարեւորեց Ժընեւի մէջ, ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդին մօտ Հայաստանի նախաձեռնութեամբ օրակարգի վրայ եկած եւ միաձայնութեամբ ընդունուած «Ցեղասպանութեան կանխարգիլման» բանաձեւը։ Նալպանտեանի համոզմամբ, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը կը կարօտի պայքարի եւ ժխտումը հաշտութեան դուռ չի բանար։ Եդուարդ Նալպանտեան մէջբերեց նաեւ Միջազգային քրէական դատարանի առաջին դատախազ Լուիս Մորէնօ Օքամպոյի կողմէ արտասանուած խօսքերը Երեւանի մէջ վերջերս կազմակերպուած Կլոպալ ֆորումին ընթացքին։ «Եթէ մենք չենք կրնար ճանչնալ հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցածը, ապա ինչպէ՞ս կրնանք ցեղասպանութեան իրականացման արգելք ըլլալ այսօր» մէջբերեց Նալպանտեան Օքամպոյի խօսքերը։ 

Հարկ է նշել, որ Ուաշինկթընի աշխատանքային շփումներուն աւարտին՝ Սերժ Սարգսեան նոյնպէս աշխատանքային այցելութեամբ ուղեւորուեցաւ Մոսկուա, ուր կը մասնակցի Բ. աշխարհամարտի տարելիցին։ 

 

 

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015