ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆ ՆԱՒԹԻ ՇՈՒԿԱՅԷՆ ՆԵՐՍ ԿԸ ՑՆՑԵՆ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԻՐՔԸ

The Wall Street Journal ա­մե­րի­կեան հե­ղի­նա­կա­ւոր թեր­թը գրեց, թէ Ռու­սաս­տան եւ Ի­րան հա­մաշ­խար­հա­յին նաւ­թի շու­կա­յէն ներս կը ցնցեն Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ դիր­քե­րը։ Ներ­կայ պայ­ման­նե­րով, Ռիատ դէմ յան­դի­ման մնա­ցած է լուրջ սպառ­նա­լի­քի՝ Ա­սիոյ շու­կա­նե­րու քա­րիւ­ղի գլխա­ւոր մա­տա­կա­կա­րի տիտ­ղո­սը տե­ւա­կա­նաց­նե­լու ա­ռու­մով։

Հարկ է նշել, որ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Սել­ման թա­գա­ւո­րը վեր­ջերս պաշ­տօ­նազր­կեց երկ­րի Նաւ­թի նա­խա­րա­րը՝ Ա­լի Էլ-Նաի­մին, որ 1995 թուա­կա­նէն ի վեր կը զբա­ղեց­նէր այդ պաշ­տօ­նը։ Ռու­սաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի նման եր­կիր­նե­րու հետ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ մրցակ­ցու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ սպառ­նա­լիք հան­դի­սա­նալ՝ դէ­պի Չի­նաս­տան, Ճա­բոն եւ Հնդկաս­տան նաւ­թի յա­ջող ար­տած­ման տե­սա­կէ­տէ։ Չի­նաս­տան Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա­յին կ՚ա­պա­հո­վէ ի­րեն հա­մար անհ­րա­ժեշտ քա­րիւ­ղին մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը։ Բայց եւ այն­պէս, վեր­ջին մէկ տա­րուան ըն­թաց­քին Ռու­սաս­տա­նէն դէ­պի Չի­նաս­տան նաւ­թի մա­տա­կա­րա­րու­մը ա­ւել­ցած է ա­ւե­լի քան 10 տո­կո­սով։ Ռու­սաս­տա­նի աշ­խար­հագ­րա­կան դիր­քը այս եր­կի­րը ա­ւե­լի մրցու­նակ կը դարձ­նէ Ա­սիոյ նաւ­թի շու­կա­յին մէջ։

Ըստ Մոս­կուա­յի աղ­բիւր­նե­րուն, ռու­սա­կան կող­մը այլ եր­կիր­նե­րու տե­սան­կիւ­նէն եւս գրա­ւիչ կը դառ­նայ՝ նաւ­թի գոր­ծարք­նե­րու կնքման հա­մար ըն­ձե­ռուած ա­ռանձ­նա­յա­տուկ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով։ «Կազփ­րոմ» ռու­սա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը ար­տօ­նած է, որ չի­նա­կան գնորդ­նե­րը ռու­սա­կան քա­րիւ­ղին փո­խար­ժէ­քը վճա­րեն եուա­նով, այլ ոչ թէ տո­լա­րով։ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիան մաս­նա­բա­ժի­նը կը կորսնց­նէ նաեւ Ճա­բո­նի շու­կա­յէն ներս։ Վեր­ջին շուրջ մէկ տա­րուան ըն­թաց­քին ճա­բո­նա­կան շու­կա­յէն ներս Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ նաւ­թը ան­կում կրած է գրե­թէ շուրջ 4 տո­կո­սով, իսկ Ռու­սաս­տա­նի մաս­նա­բա­ժի­նը ա­ւել­ցած է մօ­տա­ւո­րա­պէս 1 տո­կո­սով։

Այս մրցակ­ցու­թեան կը միա­նայ նաեւ Ի­րան, ո­րու դէմ սահ­մա­նուած մի­ջազ­գա­յին պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րը ար­դէն դադ­րե­ցուած են։ Թեհ­րան շու­տով իր նաւ­թի ար­տադ­րու­թեան ծա­ւալ­նե­րը կը հասց­նէ պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու նա­խոր­դած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին եւ նոյն­պէս հե­տաքրք­րուած է ա­սիա­կան շու­կա­նե­րով։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016