ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ, երէկ յետմիջօրէին, Գումգաբուի մէջ Խորհրդակցական մարմինը գումարեց ժողով մը։ Պատրիարքական ընտրութեան համար պետութեան մօտ կատարուած դիմումի պատասխանի սպասման մթնոլորտին մէջ սա Խորհրդակցական մարմնի առաջին ժողովն էր։ Նորին սրբազնութիւնը մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ Կրօնական ժողովի վերջին նիստին եւ զուգահեռաբար Իսթանպուլի կուսակալութեան յանձնուած դիմում-նամակին շուրջ։ Ան բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Կրօնական ժողովի անդամներուն կողմէ տարուած նախանձախնդիր աշխատանքին, դրսեւորուած յանձնառու ոգիին եւ ցուցաբերուած բարձր պատասխանատուութեան գիտակցութեան շուրջ։ Ընդհանուր փոխանորդը շնորհակալութեամբ ընդգծեց նաեւ, որ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայան ալ անմիջապէս ժամադրութիւն մը տուած էր՝ դիմում-նամակի յանձնուելուն համար։ Մինչ ներկայիս կը սպասուի պաշտօնական պատասխանին, Խորհրդակցական մարմնի անդամները երէկ ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեցին ներկայ փուլը։ Դժբախտաբար, Պատրիարքական Աթոռը չունի պաշտօնական կարգավիճակ մը, զուրկ է իրաւաբանական անձ ըլլալէ եւ չունի նաեւ մնայուն կանոնադրութիւն մը։ Այս պայմաններուն ներքեւ, իւրաքանչիւր պատրիարքական ընտրութեան փուլին պատկան իշխանութիւններէն կ՚ակնկալուի ընտրական կանոնադրութեան մը ուղարկուիլը եւ այդ մէկը կ՚ըլլայ բացառիկ կարգադրութիւն մը, միայն մէկ անգամուան համար։ Մինչդեռ, ժողովականները նշեցին, թէ որքան լաւ պիտի ըլլար եթէ մշտական կանոնադրութիւն մը ունենար Պատրիարքական Աթոռը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մատնանշեց, որ Կրօնական ժողովը մանրամասնօրէն հաշուի առած է Հանրապետական շրջանի բոլոր նախընթացներն ու նախկին օրինակները։ Ժողովականները ընդգծեցին, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ողջ տեւողութեան բոլոր քայլերը պէտք է առնուին շատ հաւասարակշռուած եւ ուշադիր ձեւով։ Գումգաբուի մէջ ներկայիս այս առումով բոլոր հաւանականութիւնները հաշուի կ՚առնուին, որպէսզի մեր ժողովուրդը ունենայ խղճի հանգստութեան երաշխիքներ։ Մեր կարգ ու կանոնաց, աւանդութիւններուն համապատասխան, օրինական ընտրութիւն մը կազմակերպելու ենթագետինը ներկայիս պատրաստ կը համարուի։ Խորհրդակցական մարմնի ժողովին ընթացքին շեշտը դրուեցաւ այն հանգամանքին վրայ, թէ մեր համայնքը տարակոյս պէտք չէ ունենայ արդարութեան տեսակէտէ եւ ամբողջ գործընթացը ընդհանուր համերաշխութեան պայմաններու մէջ պէտք է յառաջ մղուի։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս կէտին վրայ ընդգծեց, որ Պատրիարքական Աթոռը եղած է իր խոստումին տէրը եւ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի սուգի շրջանի անմիջապէս աւարտին կատարուած է պաշտօնական դիմումը։ Ընդհանուր փոխանորդը շեշտեց, որ համայնքը ներդաշնակութեան, սիրոյ ու զօրակցութեան մէջ պէտք է ընթանայ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ։ Ըստ իրեն, այս փուլին հոգեւորականաց դասը կը ջանայ օրինակ հանդիսանալ ամբողջ համայնքին՝ պահպանելով միասնականութիւնը։ Նորին սրբազնութիւնը նշեց, որ ինք եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ կը ջանան հնարաւորինս մնալ համախոհութեան մէջ։ Ժողովականները ցաւով նկատի ունեցան նաեւ համայնքէն ներս շրջանառութեան մէջ մտած զանազան լսումները, ըստ որոնց կարգ մը աշխարհական վարիչներ հոգեւորականաց դասու անդամներուն վրայ ճնշում կը բանեցնեն՝ ըստ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի վերաբերեալ սեփական նախընտրութիւններուն եւ կամայականութիւններուն։ Խորհրդակցական մարմնի անդամները ընդգծեցին, որ շատ նպատակայարմար պիտի ըլլար համայնքի աշխարհական վարիչներուն կողմէ զսպուածութեան դրսեւորուիլը։

Ժողովի տեւողութեան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Խորհրդակցական մարմնի անդամներուն հետ իր տպաւորութիւնները բաժնեց դէպի Կրետէ վերջին ուղեւորութենէն։ Նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ տեղւոյն Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեակին առթիւ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած յոբելենական արարողութիւնները անցած են շատ բարձր մակարդակով եւ ամրապնդած՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հեղինակութիւնը։

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2019