ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ

Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը այս կիրակի տեղի պիտի ունենայ Պրիւքսելի մէջ։ Մինչ ԵՄ-ի աղբիւրները պաշտօնապէս հաստատեցին այս թուականը, Ուաշինկթընէն հաղորդուեցաւ, որ սա կարեւոր հնարաւորութիւն մըն է զարգացնելու համար արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններուն շնորհիւ արձանագրուած յառաջընթացը։ Ըստ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութեան, Երեւան եւ Պաքու զգալի յառաջընթաց արձանագրած են Ուաշինկթընի վերջին բանակցութիւններուն ժամանակ։

Միւս կողմէ, Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցով կը գտնուի Մոսկուայի մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 9, 2023