ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՀՈԳԵԲՈՅԺ ՏՔԹ. ՏԻՐԱՆ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ

Ֆրանսահայ յայտնի հոգեբոյժ տքթ. Տիրան Տօնապետեան այս օրերուն կ՚այցելէ Իսթանպուլ։ Ան երէկ հիւրընկալուեցաւ Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ։ Տքթ. Տիրան Տօնապետեան քաղաքս եկած է Իսթանպուլի Հոգեվերլուծութեան կեդրոնի եւ Ռոպերթ քոլէճի համատեղ հրաւէրով։ Այս երկու կառոյցները նախաձեռնած են գիտաժողովի մը՝ դպրոցի եւ հոգեվերլուծութեան վերաբերեալ։ Տարեկան այս ձեռնարկի այս տարուան ատենախօսն էր տքթ. Տիրան Տօնապետեան։ Քաղաքիս մէջ գտնուելու առիթէն օգտուելով ան այցելեց նաեւ Գարակէօզեան, ուր իր փորձառութիւնը բաժնեց համայնքային վարժարաններու ներկայացուցիչներուն համար։

Հաւաքոյթի ընթացքին տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլու արտասանեց ողջոյնի խօսք մը։ Աւելի վերջ տքթ. Տօնապետեան խօսեցաւ մանուկներու, նորահասներու եւ չափահասներու յարաբերութիւններուն շուրջ։ Զրոյցը վարեց Ալփեր Շահին, ֆրանսերէն-թրքերէն թարգմանութիւնը կատարեց Թալէաթ Փարման։ Բոլոր մասնակիցներուն տեսակէտէ իսկապէս օգտակար ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու աւարտին բոլորը շնորհակալութիւն յայտնեցին տքթ. Տիրան Տօնապետեանին։

Հարկ է նշել, որ այս ձեռնարկը յաջորդեց շաբաթավերջին կազմակերպուած Գարակէօզեան Տան շրջանաւարտից հաւաքին։

Երեքշաբթի, Մայիս 9, 2023