ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՆԵՐՍԷՍՕՂԼՈՒԷՆ ԽՈՐԱԹԱՓԱՆՑ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ. «ERMENİ BASININDA LOZAN BARIŞ ANTLAŞMASI»

«Literatür» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է «Ermeni Basınında Lozan Barış Antlaşması» գիրքը, որու հեղինակն է Խաչատուր Ներսէսօղլու։

Հեղինակը այս գործով հետապնդած է թէ՛ ակադեմական շրջանակներուն եւ թէ հետաքրքիրներուն նպաստել՝ չմոռնալու, յիշելու եւ ընդգծելու ուղղութիւններով։ Լոզանի դաշնագիրը, որու ստորագրումին վրայէն աւելի քան դար մը անցած է, տակաւին այժմէական է ինչպէս Թուրքիոյ, այնպէս ալ միջազգային օրակարգին վրայ։

Խաչատուր Ներսէսօղլու այս գիրքը պատրաստած է ծաւալուն աշխատանքով մը՝ տեսադաշտին մէջ ընդգրկելով տուեալ ժամանակաշրջանի բոլոր իրադարձութիւնները եւ մամուլը։ Գիրքի խորագրին մէջ թէեւ հայ մամլոյ շեշտադրումը կայ, սակայն ան զանց չէ առած նաեւ օտար մամուլը. օրինակ՝ ֆրանսականը, իտալականը, անգլիականը եւ այլն։ Արդիւնքին ան յաջողած է շատ աւելի համապարփակ ու խորքային համայնապատկեր մը մատուցել ընթերցողներուն։

Գիրքի բովանդակութիւնը բաժնուած է երեք գլուխի։ Առաջինը՝ մինչ Լոզանի խորհրդաժողովը հայկական մամուլը, երկրորդը՝ Լոզանի խաղաղութեան խորհրդաժողովի գործընթացին մէջ հայկական մամուլը եւ երրորդը՝ Լոզանի խաղաղութեան դաշնագրի ստորագրումն ու հայ մամուլը։ Այս բոլոր գլուխները սահմանուած են իսկապէս վարպետութեամբ եւ տուեալ ժամանակաշրջանի միջազգային իրադրութեան կատարեալ ցոլացումով։ Նիւթը այնքան կատարեալ սահմանուած ու դասաւորուած է, որ գիրքին մէջ մէկ կողմէ կարելի է գտնել միջազգային վճռորոշ նշանակութեամբ իրադարձութիւններու արժեւորումը, իսկ միւս կողմէ նաեւ՝ թրքահայութեան անցած փուլերը։ Մասնաւորապէս երկրորդ բաժնին մէջ շատ տեղին մատուցուած են Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան գոյութիւնն ու անով պայմանաւորուած հանգամանքները։ Խոշորացոյցի տակ առնուած են Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան յարաբերութիւնները հարեւաններուն հետ եւ այդ ժամանակուան մտքի հոսանքները։ Առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կացութիւնը։ Իսթանպուլի քաղաքական գործունէութիւններուն առընթեր, յատուկ բաժիններու մէջ ներկայացուած են Պոլսոյ Պտարիարքական Աթոռի Օսմանեան շրջանի վերջին գահակալին՝ երջանկայիշատակ Տ. Զաւէն Արք. Տէր-Եղիայեանի յայտարարութիւնները, անոր պաշտօնէն հեռանալը, երջանկայիշատակ Տ. Գէորգ Արք. Ասլանեանի տեղապահ ընտրուիլը եւ այլն։ Այսինքն, գիրքը լոյս կը սփռէ թրքահայութեան տեսակէտէ Օսմանեան շրջանէն դէպի Հանրապետական շրջան անցումային փուլերուն վրայ, ինչ որ չափազանց կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ մինչեւ հիմա պատշաճօրէն չէ ուսումնասիրուած եւ այս թերացումը տասնամեակներու ընթացքին հիմնական գործօն մը դարձած է՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին դիմագրաւած զանազան տագնապներուն ու վարչական անելներու ժամանակ յառաջացած պառակտումներուն եւ փակուղիներուն տեսակէտէ։

Խաչատուր Ներսէսօղլու այս գիրքին համար օգտագործած ամբողջ աղբիւրագիտութիւնը նաեւ օգտագործած է որպէս ճոխ տեսանիւթ, ինչ որ տարբեր խորք մը կու տայ այս աշխատանքին։

«Ermeni Basınında Lozan Barış Antlaşması» գիրքին մէջ մէջբերուած են նաեւ տուեալ ժամանակաշրջանի անունով՝ «Ժողովուրդի Ձայնը ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթի հաղորդումներուն։

Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է Ֆահրի Արալ եւ ծրագիրը վերահսկած է Էմէլ Աթիք։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Խաչատուր Ներսէսօղլուն՝ յուսալով, թէ այս ուշագրաւ գործը կը թարգմանուի նաեւ այլ լեզուներու, ինչու չէ նաեւ հայերէնի։

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2024