ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԶՐՈՒՑԵՑ ԺՈԼԻԻ ՀԵՏ

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք անդրադարձան տարածաշրջանային հարցերու։ Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը՝ ներառեալ սահմանազատման գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները։ Ան ընդգծեց տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին եւ 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագրին նկատմամբ յստակ յանձնառութեան կարեւորութիւնը։

Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասէ ներս կայուն տնտեսական զարգացման հեռանկարներուն՝ Արարատ Միրզոյեան շեշտեց տարածաշրջանային կապուղիներու ապաշրջափակման հարցին մէջ Երեւանի շահագրգռուածութիւնը։ Այս կէտին վրայ ան յիշեցուց՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի խոստացած հեռանկարները։ Ան բացատրեց, որ սոյն ծրագրի հիմքին կը գտնուին՝ ինքնիշխանութեան, ազգային իրաւազօրութեան, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան առանցքային սկզբունքները։

Երկու նախարարները անդրադարձան նաեւ մարդասիրական բնոյթով հարցերու։

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2024