ԵԼԵԿՏՐՈՆԻԿ ՇՏԵՄԱՐԱՆ
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ ամերիկահայ աշխարհահռչակ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի բնակարանին ճակատագիրը։ Յառաջիկայ շրջանին կը նախատեսուի, որ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան ուղեւորութիւն մը իրականացնէ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ այս առթիւ ան պիտի փորձէ յստակեցնել Սարոյեանի տան ճակատագիրը։ Պօղոսեան վերջերս Երեւանի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նշած է, թէ իր գլխաւորած նախարարութիւնը տեղացի գործընկերներու եւ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպանատան միջոցաւ հետեւած է Ֆրեզնոյի մէջ գտնուող այդ բնակարանի աճուրդի գործընթացին։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Յասմիկ Պօղոսեան յայտնեց, թէ հայկական հասարակութիւնը չի կրնար անտարբերութեան մատնել այս հարցը։ «Պարզապէս, դժուար էր հասկնալ, թէ ի՛նչ լծակներով կարելի էր այդ գործընթացը կարգաւորել։ Բոլոր երկիրները ունին նման խնդիրներ. վերջերս աղմուկ բարձրացուց Ֆելլինիի բնակարանի՝ նոյն ձեւով աճուրդի հանուելու վերաբերեալ լուրը։ Սարոյեանի տան պարագային, կը կարծեմ, որ այդ գործընթացը աւարտեցաւ բարեյաջող», ըսաւ Պօղոսեան եւ աւելցուց, թէ բնակարանի նոր սեփականատէրը մտադիր է զայն պահպանել որպէս տուն-թանգարան։ «Իմ մօտակայ այցելութեան շրջագծով պիտի ունենամ յստակ քննարկում, թէ ամերիկացին ի՛նչ պիտի ընէ այդ հարցով ու կը յուսամ, թէ արդիւնքին աւելի յստակ տեղեկութիւն կ՚ունենամ։ Իսկ այսօրուան տուեալներով՝ այդ տարածքը պիտի ըլլայ տուն-թանգարան», շարունակեց Յասմիկ Պօղոսեան։ Հարկ է նշել, որ Սարոյեանի բնակարանի աճուրդը տեղի ունեցած է անցեալ ամսուան սկիզբին։
Նոյն մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Յասմիկ Պօղոսեան անդրադարձաւ նաեւ նախարարութեան գործունէութեան զանազան երեսակներուն։ Ան տեղեկացուց, թէ Հայաստան այս տարի անդամ պիտի դառնայ «Եւրիմաժ» հիմնարկին։ Այս վերջինը կը գործէ Եւրոխորհուրդի հովանաւորութեան ներքեւ եւ հետամուտ է շարժանկարի համատեղ արտադրութեան եւ շարժանկարներու վարձի աջակցութեան։ Հայաստան այդ հիմնարկին պիտի փոխանցէ իր անդամավճարը եւ այսպէսով պիտի դառնայ անդամ։ Պօղոսեանի խօսքերով, այդ անդամակցութիւնը առիթ պիտի ընձեռէ, որպէսզի երկիրը կարենայ լիարժէք օգտագործուիլ այդ կարեւորագոյն հիմնարկէն։ «Մենք կ՚ունենանք շատ լուրջ, բարենպաստ իրավիճակ շարժանկարի արտադրութեան համար», ըսաւՊօղոսեան։
Մինչ այդ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը այս տարի արդէն գանձատրած է զանազան թատերախումբերու տասնհինգ ներկայացում։ Պօղոսեանի բացատրութիւններով, ներկայ տարին ձօնուած է թատրոնին եւ թատերական ծրագրերուն։ Այս տարուան համար թատրոնը ընտրուած է գերակայ ուղղութիւն։ Գանձատրուած ծրագրերը պատկանած են թէ՛ պետական եւ թէ մասնաւոր թատրոններու։ Այդ շարքին մաս կազմած է նաեւ Ջաւախքի տիկնիկային թատրոնը։ Նախարարը լրագրողներու ուշադրութեան յանձնեց, թէ հայկական թատերախումբերը այս տարի կ՚իրականացնեն նաեւ բազմաթիւ հիւրախաղեր։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Պօղոսեան գոհունակութեամբ մատնանշեց նաեւ, թէ հայկական երգչախմբային արուեստի նմոյշները կ՚ընդգրկուին օտարերկրեայ երգչախումբերու ծրագրերուն մէջ։ Ան այս երեւոյթը համարեց յաջողութիւն մը եւ դիտել տուաւ, որ ներկայ տարուան սկիզբէն ի վեր եղած են բազմաթիւ օրինակներ, աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ սկսած են մեկնաբանուիլ հայկական երգչախմբային արուեստի գլուխ գործոցները։
Բաց աստի, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը կը կարեւորէ նաեւ ելեկտրոնիկ շտեմարաններու ստեղծումը։ Ան վերջին տարիներու ձեռքբերումներու շարքին թուարկեց թանգարաններու, հայկական յուշարձաններու, գորգերու շտեմարաններու ստեղծումը։ Անցեալ տարի ալ սկսած էր հայկական մամուլի եւ հայ գրքի շտեմարաններուն ստեղծումը։ Տարեսկիզբէն ի վեր թուայնացուած են բազմաթիւ պարբերականներ։ Նախարարութիւնը ներկայ տարուան մէջ անմիջականօրէն հետամուտ կ՚ըլլայ մշակութային արժէքներու շտեմարանի ստեղծման։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի այն արժէքներուն, որոնք կը գտնուին ոչ-պետական ֆոնտերու մէջ։ Նախարարութիւնը կը զբաղի նաեւ արտասահմանեան երկիրներու մէջ գտնուող զանազան մշակութային հարստութիւններով։ Զուգահեռաբար կ՚իրականացուի նաեւ հայկական ժապաւէններու թուայնացման գործընթացը։ «Մենք պիտի ունենանք հայկական շարժանկարի շտեմարան։ Երկրորդ ուղղութիւնը, որ սկսաւ 2015 թուականին, ձայնագրութիւններու թուայնացումն է։ Սա յատկապէս կը վերաբերի օփերայի ձայնագրութիւններուն, որոնցմէ շատերը վատ վիճակի մէջ են», ըսաւ Պօղոսեան։
Միւս կողմէ, ասուլիսի ընթացքին Յասմիկ Պօղոսեան տեղեկացուց, թէ «Քոչարի» հայկական ժողովրդական նշանաւոր պարը հաւանաբար ընդգրկուի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ։