ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ԿԱՐԷՆ ՔԷՕՔՃԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Իտալիոյ ամենակարեւոր սրբավայրը հանդիսացող եւ Իտալիոյ պահապան Ս. Ֆրանսիսքոսի անունը կրող Ասիզի Ս. Ֆրանսիսքոս քահանայապետական եկեղեցւոյ մէջ բացուեցաւ պոլսահայ ծագումով այժմ Թուրինի մէջ բնակող Կարէն Քէօքճեանի «Հայերը եւ Հայաստանը» լուսանկարներու ցուցահանդէսը։ Ձեռնարկը կազմակերպած էին Հռոմի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնն ու Ս. Ֆրանսիսքոս եկեղեցին՝ Իտալիոյ Հայերու միութեան համագործակցութեամբ։
Ցուցահանդէսի մէջ ներկայացուած են Կարէն Քէօքճեանի Հայաստանի մէջ նկարած լուսանկարները, որոնք կը ներառեն հայկական եկեղեցիներ ու վանական համալիրներ, մշակութային կոթողներ եւ բնապատկերներ։
Պաշտօնական բացման ժամանակ ելոյթներ ունեցան Հռոմի մօտ Հայաստանի դեսպան Սարգիս Ղազարեան, եկեղեցւոյ աբբահայր Մաուրօ Կամպեթթի, Ասիզի քաղաքապետ Քլաուտիօ Ռիչի եւ Կարէն Քէօքճեան, որ խօսեցաւ ցուցահանդէսին ներկայացուած վաթսուն լուսանկարներուն մասին։
Դեսպան Սարգիս Ղազարեան իր ելոյթին մէջ նշեց, թէ ցուցահանդէսը բացուած է Մեծ եղեռնի 100-ամեակի շրջագծով եւ կարեւորեց այն հանգամանքը, թէ ձեռնարկը կազմակերպուած է կաթոլիկ հաւատացեալներու մեծագոյն սրբավայրերէն մէկուն մէջ։
Իսկ Մաուրօ Կամպեթթի իր խօսքին մէջ նշեց, թէ ամրան ամիսներուն շուրջ մէկուկէս միլիոն անձ կ՚այցելէ իրենց եկեղեցին եւ անոնք այս ցուցահանդէսի միջոցով պիտի կարենան հաղորդակից ըլլալ նաեւ Հայաստանին եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Հոկտեմբերի 27-ը։