Չորեքշաբթի 19, Փետրուար 2025
ՊԱՏՄԱԲԱՆ Ռ. ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ ՀԱՏՈՐԸ ՍՊԱՌԵՑԱՒ
Ֆրանսահայ անուանի պատմաբան Ռայմոն Գէորգեանի «Հայոց ցեղասպանութիւն» գիրքը, որ Մարտին լոյս տեսած էր թրքերէնով, արդէն սպառած է։ «Իլեթիշիմ» հրատարակչատան կողմէ 3000 տպաքանակով հրատարակուած այս արժէքաւոր հատորին խմբագիրներն էին Ահմէտ Ինսէլ եւ Քերէմ Իւնիւվար։ Իսկ թարգմանութիւնը կատարած էր Այշէն Թաշքենթ Էքմէքճի։ 1167 էջնոց գիրքը, որ առաջին անգամ ֆրանսերէնով հրատարակուած էր 2006-ին, կը բաղկանայ հիմնական վեց բաժիններէ, որոնց մէջ կը խօսուի 19-րդ դարավերջին իրադարձութիւններէն մինչեւ 1915-ն ու Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրումը։
Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2015