ՊՐԱԶԻԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԳԱՐԱ ԿԱՆՉՈՒԵՑԱՒ
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Պրազիլիոյ ծերակոյտին կողմէ առնուած այն որոշումը, որ 1915-ը կը ճանչնար որպէս ցեղասպանութիւն։ Ըստ նախարարութեան, այս որոշումը անյարիր է պատմական իրականութեան եւ առ ոչինչ կը համարէ իրաւունքը։ Ըստ նախարարութենէն կատարուած յայտարարութեան, Պրազիլիոյ ծերակոյտին որոշումը անպատասխանատուութեան նմոյշ մըն է։ «Հայկական լոպիի ազդեցութեամբ առնուած քաղաքական նման որոշումները անկարող է փոխելու պատմական ընկալումներն ու իրաւական կանոնները», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Նախարարութիւնը ետ կանչած է նաեւ Պրազիլիոյ դեսպան Հիւսէյին Տիրիէօզը՝ խորհրդակցութեան նպատակով։
Միւս կողմէ, Պելժիոյ խորհրդարանի Ստորին պալատի մեծամասնութիւնը մտադիր է ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Այս մասին յայտարարեց Պելժիոյ խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու պալատի «Բարեփոխական շարժում» խմբակցութեան առաջնորդ Տենի Տիւքարմ։
Հարկ է յիշեցնել, թէ Պելժիոյ խորհրդարանականները կը փափաքէին ճանչնալ պատմական ճշմարտութիւնը, սակայն ծագումով թուրք որոշ պատգամաւորներու վերաբերմունքը տեղի կու տար վէճերու։ RLN պարբերականը յիշեցուց «Ժողովրդավարական մարդասիրական կեդրոն» կուսակցութեան օրինակը, երբ պատգամաւոր Մահինուր Էօզտէմիր հեռացուեցաւ կուսակցութեան շարքերէն՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը մերժելուն պատճառով։
Պելժիոյ խորհրդարանը 1998-ին ծերակոյտի մակարդակով արդէն ընդունած էր բանաձեւ մը, որ կը ճանչնար պատմական իրողութիւնը։
Մինչ այդ, «Արմէնփրէս» կը տեղեկացնէ, թէ Գերմանիոյ խորհրդարանը կը նախատեսէ վերստին քննարկել ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը, մինչեւ Յուլիսի կէսերը։
Բաց աստի, Բրիտանիոյ խորհրդարանի Վերին տան պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած օրակարգը կը նշէ, որ Լորտերու պալատը 16 Յունիսին պիտի քննարկէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը։