ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՅԱՄԱՌ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐԸ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները յամառ որոնումներու մէջ են՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ Այս շաբաթավերջին միջնորդները հերթական անգամ կ՚այցելեն հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Վաղը համանախագահները պիտի ժամանեն Հայաստան։ Երեւանի մէջ նախատեսուած են անոնց հանդիպումները՝ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ։ Երեւանէն վերջ անոնք պիտի ուղեւորուին դէպի Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ անոնք պիտի հիւրընկալուին Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան կողմէ։ Շաբաթ մը վերջ, համանախագահները պիտի մեկնին նաեւ Պաքու։ Այս բոլորէն վերջ, կը նախատեսուի, որ անոնք հանդէս գան համատեղ յայտարարութիւնով մը։

Երեւանի իշխանութիւնները միջնորդներու այցելութեան ընդառաջ տեղեկացուցին, որ հայկական կողմը կ՚ակնկալէ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտնեց, որ միջնորդները կը փորձեն քայլերու ձեռնարկել կանխելու համար ապակայունացումը։ Արդարեւ, տարածքաշրջանէն ներս այդ մէկը ոեւէ մէկուն համար պէտք չէ։ «Միջնորդները վերջապէս պէտք է ապահովեն, որ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչուին։ Այսօր խօսքը միայն այս մասին է։ Պատահական չէ, որ Վիեննայի մէջ ձեւաւորուեցաւ այն մօտեցումը, թէ մինչեւ որ կողմերու միջեւ չձեւաւորուի վստահութեան մթնոլորտ՝ անհնար է խօսիլ բանակցային գործընթացէ ներս յառաջընթացի մասին։ Իսկ այդ վստահութեան մթնոլորտի բաղկացուցիչ մասը, անհրաժեշտ, բայց անբաւարար պայմանը այն է, որ չկրակեն, սադրանքներ չըլլան», ըսաւ փոխ-նախարարը։

Եռանախագահ երկիրներէն Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարը՝ Սէրկէյ Լաւրով միջնորդներու շփումներուն ընդառաջ կրկնեց, որ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորել միայն բանակցային ճանապարհով։ Ըստ իրեն, երկար ժամանակահատուածի մէջ բանակցային գործընթացը առած է զանազան ձեւեր, համաձայնութիւնները շատ անգամ մօտ եղած են, սակայն անմիջապէս աշխատած է նաեւ անվստահութեան բնազդ մը, յամենայնդէպս պէտք է շարունակել աշխատանքը։ Ըստ իրեն, բանակցութիւններու արդիւնքով արդէն մշակուած են շարք մը սկզբունքներ, սակայն անհրաժեշտ է համաձայնութեան հասնիլ շարք մը դժուար մանրամասնութիւններու շուրջ, որոնք կը վերաբերին զգայուն հարցերու։ Լաւրովի խօսքերով, Մինսքեան խմբակի եռանախագահները ապագային եւս պիտի շարունակեն մտածել, թէ ինչպէս կրնան յաղթահարուիլ այն փոքր, սակայն լուրջ մանրամասնութիւնները, որոնց շուրջ տակաւին համաձայնութիւն չէ գոյացած։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ համանախագահները ներկայ տարածքաշրջանային այցելութեան ընթացքին պիտի յստակեցնեն հակամարտութեան գօտիի իրադրութիւնը։

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2017