ԳԵՐԵՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած։ Երէկ մտահոգութիւնները ա՛լ աւելի խորացան, որովհետեւ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ դարձեալ հայ զինուոր մը գերեվարուեցաւ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները օրուայ սկիզբին տեղեկացուցին, որ զինեալ ուժերու N զօրամասի պայմանագրային շարքայիններէն Ա. Քաթանեան մշուշի հետեւանքով ապակողմնորոշուած է ու ակամայ յայտնուած՝ այն տարածքէն ներս, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու վերահսկողութեան տակ կը գտնուի։ Իսկ Պաքուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ հայկական կողմը ներթափանցման փորձ մը կը կատարէր սահմանի վրայ։ Դէպքը պատահած է Լաչինի շրջանէն ներս։ Այս իրադարձութիւնը եկաւ լարուածութիւնը էապէս մեծցնել, որովհետեւ 12 մայիսէն ի վեր Ատրպէյճանի զօրքերը խախտած են Հայաստանի սահմանը եւ գերեվարած՝ վեց զինուոր։ Երէկուան այս դէպքով վերջին շրջանին գերեվարուածներու թիւը եօթի բարձրացաւ։

Բարեբախտաբար, այս անգամ իրադարձութիւնները աւելի դրական շարունակութիւն մը ունեցան։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ այսօր վաղ առաւօտեան ժամերուն մառախուղի մէջ ապակողմնորոշուած հայ զինուորականը վերադարձուած է հայկական կողմին։ Ան ներկայիս կը գտնուի Ստեփանակերտի մէջ։

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առկայ վիճակի լոյսին տակ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին վերջին օրերուն այցելած էր Սիւնիքի մարզ։ Իր կարգին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ նշած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատանքներ կ՚իրականացուին ամէն օր։ Բանբերը ընդգծած էր, որ անկարելի է Լեռնային Ղարաբաղի ռուս խաղաղապահներու դերը  գերագնահատել։

Միւս կողմէ, Պաքուն ալ սահմանի առկայ իրավիճակին կապակցութեամբ դիմեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսին։ ՄԱԿ-ի մօտ Ատրպէյճանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Եաշար Ալիեւ ընդհանուր քարտուղարին ուղարկած նամակին մէջ ընդգծեց, որ Երեւան սահմանային հարցերու շուրջ միջազգային հանրութիւնը կը մոլորեցնէ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 9, 2021