ՄԱԷՍԹՐՕ ՕՐԲԵԼԵԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ՕՓԵՐԱՅԻ ՏՆՕՐԷՆ ՈՒ ԽՄԲԱՎԱՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ

Հայաստանի Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի տնօրէն ու գեղարուեստական ղեկավար Կոնստանդին Օրբելեան նշանակուեցաւ Նիւ Եորքի քաղաքային օփերայի երաժշտական տնօրէն ու խմբավար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիւ Եորքի օփերայի պաշտօնական կայքը արդէն հաղորդած է այս լուրը՝ ընդգծելով, որ մաէսթրօ Օրբելեանի մասնակցութեամբ առաջին օփերան՝ նոր շունչ ստացած «Ռիկոլեթթօ»ն պիտի ներկայացուի օգոստոսի 29-ին։

Նիւ Եորքի օփերայի տնօրէն Մայքըլ Քափարսօ այս առթիւ ըսաւ. «Շատ ուրախ ենք՝ ողջունելու աշխարհահռչակ մաէսթրօ Կոնստանդին Օրբելեանը Նիւ Եորքի քաղաքային օփերայի ընտանիքէն ներս։ Ան խմբավարի տասնամեակներու փորձառութիւնը կը բերէ իր հետ եւ ապագային մեզի ու մեր հանդիսատեսին կ՚առաջարկէ շատ բարձր մակարդակի ներկայացումներ»։ Տնօրէնը համոզուած է, թէ հայ մաէսթրոն կ՚ունենայ իր դերակատարումը Նիւ Եորքի օփերան ամերիկեան ու միջազգային օփերայի արուեստին մէջ նոր բարձունքներու հասցնելու ուղղութեամբ։

Իր կարգին, մաէսթրօ Օրբելեան սիրով համաձայնած է կոչուիլ Նիւ Եորքի օփերայի երաժշտական տնօրէնի ու խմբավարի պաշտօնին։ «Սա լաւ հնարաւորութիւն է՝ օգնելու այս պատմական ու մշակութային տեսանկիւնէ կարեւոր երաժշտական հաստատութեան, որպէսզի կեանքի վերադառնայ քորոնաժահրի մարտահրաւէրներով լի ժամանակներէն վերջ։ Մենք հնարաւորութիւն կ՚ընձեռենք օփերայի սիրահարներուն լսել Միացեալ Նահանգներու եւ ամբողջ աշխարհի ամենալաւ երգիչները։ Հաւատարիմ մնալով Նիւ Եորքի քաղաքային օփերայի աւանդութիւններուն, մենք արդի երգահաններուն կը տրամադրենք հարթակ, ուր անոնք կը ներկայացնեն իրենց աշխատանքները», ըսաւ այս առթիւ ան։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 9, 2021