ՓԵՍՔՈՎ. «ՄՈՍԿՈՒԱ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ ՇԱՐՈՒՆԱԿ ԿԱՊԻ ՄԷՋ Է ՊԱՔՈՒԻ ՀԵՏ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ նախընթաց օր Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Տեսակցութենէն օր մը վերջ, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ատրպէյճանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ շփումները մշտապէս կ՚իրականացուին Ռուսաստանի կողմէ՝ եռակողմանի յայտնի յայտարարութիւնները կեանքի կոչելու շրջանակներէն ներս։ «Բոլորը համաձայն են, թէ եռակողմանի պայմանագրերու դրոյթներու իրականացումը շատ կարեւոր է եւ այլընտրանք չունի։ Եւ այդ իրագործման շրջանակին մէջ շփումներ կը հաստատուին թէ՛ հայկական եւ թէ ատրպէյճանական կողմի հետ», ըսաւ Փեսքով։

Մինչ այդ, երէկ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանի եւ Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Վալերի Կերասիմովի միջեւ։ Կը հաղորդուի, որ զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագօտիներու իրավիճակը, Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզերու իրադրութիւնը եւ առկայ հարցերու հանգուցալուծման ուղիները։ Յարութիւնեան եւ Կերասիմով շօշափեցին նաեւ Արցախէ ներս Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբին կողմէ ձեռնարկուած առաքելութեան ընթացքը։ Զրուցակիցները կանգ առին նաեւ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի ռազմական համագործակցութեան խորացման ուղղեալ ծրագրերուն վրայ։ Աչքէ անցուեցաւ հայկական զինեալ ուժերէ ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներու ընթացքը։

Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ զանազան վերլուծաբաններ կը մատնանշեն, որ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին Փութինի կողմէ կատարուած կարգ մը յայտարարութիւնները կը համարուին ՀԱՊԿ-ի կողմէ վերջին օրերուն բարձրաձայնուած տեսակէտներուն շարունակութիւնը։ Խօսքը կը վերաբերի Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ Հայաստանի սահմաններուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւններուն։ ՀԱՊԿ այդ բոլորը որակած էր միջադէպ՝ չկամութիւն դրսեւորելու դաշնակից Հայաստանի զօրակցելու ուղղութեամբ։ Փութինն ալ Փաշինեանի հետ զրուցելու ընթացքին ակնարկեց զգայուն եւ սուր հարցերու գոյութեան։ Ռուս ղեկավարը Հայաստանի վերջին ընտրութիւններու արդիւնքի լոյսին տակ յայտնեց, որ իշխանութիւնները ունին ժողովուրդի բաւական վստահութիւն։ Ուստի, վերլուծաբաններ համոզուած են, թէ Փութին այդ երկու հանգամանքներուն ակնարկելով ուզած է բացատրել, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը պէտք է այդ զգայուն հարցերը լուծէ՝ առանց ռուսական կողմին վրայ յոյս դնելու։

Ուրբաթ, Յուլիս 9, 2021