ՓԱՐԻԶ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ՝ ՊԱՔՈՒԻ ՀԵՏ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՄԱՄԲ

Փարիզի իշխանութիւնները վերջերս հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն Պաքուի հետ զինուորական համագործակցութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ։ Այսպէս, Փարիզ հետաքրքրուած է Պաքուի հետ ուժանիւթի աղբիւրներու եւ զինուորական արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ գործակցութեամբ, կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը՝ վկայակոչելով Ֆրանսայի տնտեսութեան եւ ելմտական նախարար Պրիւնօ լը Մերի կատարած յայտարարութիւնը։ Ան այս յայտարարութիւնը վերջին օրերուն կատարեց Պաքուի մէջ՝ Ատրպէյճանի ելմտական նախարար Սամիր Շարիֆովի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:

«Ատրպէյճան Ֆրանսայի համար տնտեսական կարեւոր գործընկեր եղած է, եւ անոր մենք միշտ մեծ կարեւորութիւն տուած ենք: Այժմ մենք կը փափաքինք տնտեսական եւ ելեւմտական համագործակցութեան նոր փուլի անցնիլ, որովհետեւ հետաքրքրուած ենք ուժանիւթի, վերականգնող ուժանիւթի աղբիւրներու եւ զինուորական արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեամբ», յայտարարեց Ֆրանսայի տնտեսութեան եւ ելեւմտական նախարարը:

Այս մթնոլորտին մէջ, վերջերս Ատրպէյճանի վարչապետ Նովրուզ Մամետովին  շնորհուեցաւ Ֆրանսայի բարձրագոյն պետական պարգեւը՝ Պատուոյ լեքէոնի ասպետի շքանշանը։ Այս կարգադրութիւնը կատարուած է Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հրամանագրով։ Շքանշանը յանձնուեցաւ Պրիւնօ լը Մերի կողմէ։

Միւս կողմէ, ֆրանսահայ համայնքը վերջերս արդէն կը բողոքէ Փարիզ-Պաքու համագործակցութեան խորացման դրսեւորումներուն դէմ։ Ֆրանսահայերը վերջերս բողոքի ցոյց մըն ալ ըրած են Փարիզի մէջ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Ֆրանսա համանախագահներէն մին է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին, որ միջնորդական առաքելութիւն կ՚իրականացնէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս։

Ուրբաթ, Օգոստոս 9, 2019