ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան պետ ու Ատրպէյճանի Շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի հանդիպումը՝ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարքի միջնորդութեամբ։ Տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու այս հերթական տեսակցութիւնը կայացաւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Մոսկուայի Ս. Դանիէլի վանքէն ներս։ Քիրիլ Ա. Պատրիարքի միջնորդութեամբ ու տանտիրութեամբ կազմակերպուած հանդիպման աւարտին հրապարակուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութիւնը ամբողջութեամբ ներկայացուած է մեր յարակից սիւնակին մէջ։

Եռակողմանի այս հանդիպման ժամանակ Վեհափառ Հայրապետը հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգի աղբիւրներու հաղորդումներով, Նորին Սրբութիւնը Մոսկուայի եռակողմանի հանդիպման ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ հետեւեալը.

Կ՚ողջունենք Ձեզ տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու հերթական այս հանդիպման, որ հնարաւոր դարձաւ մեր ի Քրիստոս հոգեւոր եղբայր Քիրիլ Պատրիարքի միջնորդական հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ։ Վեց տարի անցած է այս ձեւաչափով մեր վերջին հանդիպումէն ի վեր, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ 2011 թուականի Նոյեմբերին գումարուած ԱՊՀ-ի Միջկրօնական խորհուրդի նախագահութեան ժողովի առիթով։

Մեր ժողովուրդներու կեանքէն ներս բաղձալի խաղաղութեան հաստատման յոյսով մեր քայլերը կ՚ուղղենք այս հանդիպումներուն՝ քննարկելու համար այն ուղիները, որոնցմով հոգեւոր առաջնորդներս կրնանք նպաստել ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։

Այսօր, ցաւօք, զգալի չեն ներդրուող ջանքերու արդիւնքները, սակայն շատ աւելի մեծ եւ առարկայական են մեր ժողովուրդներու սպասումները խաղաղ համակեցութեան այս փնտռտուքին մէջ։

Այս առումով դրական արդիւնքներ կ՚ակնկալենք ժամանակ առ ժամանակ կազմակերպուող Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումներէն ու բանակցային ամբողջ գործընթացէն։ Հակառակ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումներու արդիւնքին կատարուող յայտարարութիւններուն, հոգեւոր առաջնորդներուս կոչերուն եւ պատգամներուն, այսօր հրադադարի պայմաններուն ներքեւ կը շարունակէ լարուած մնալ իրավիճակը սահմանագծին վրայ, կը շարունակուին զոհուիլ զինուորներ եւ երբեմն նաեւ սահմանամերձ բնակավայրերու խաղաղ բնակիչներ։ Յատկապէս մտահոգիչ կը համարենք քաղաքացիական բնակչութեան թիկունքին պատսպարուելու, զայն միտումնաւոր թիրախի վերածելու դէպքերը։

Սահմանէն անդին չեն դադրիր ռազմատենչ կոչերը, աճող սպառազինութեան վերաբերեալ յայտարարութիւնները։ Այս բոլորը մեծապէս կը վտանգեն փոխադարձ վստահութեան եւ փոխըմբռնումի ոգիի մթնոլորտի ձեւաւորման ուղղեալ ջանքերը եւ, սասանելով արդէն իսկ փխրուն հրադադարը, կը ստեղծեն հակամարտութեան ուժգնացման նոր իրողութիւն մը, որուն ականատես դարձանք 2016 թուականի Ապրիլին, երբ ատրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ սանձազերծուեցան լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ։ Բոլորիս յայտնի է այդ օրերու ժամանակագրութիւնը, փաստագրուած նաեւ միջազգային հանրութեան կողմէ, մարտի դաշտի վրայ զոհուած զինուորներու, ինչպէս նաեւ խաղաղ բնակչութեան դէմ կատարուած խոշտանգումները, վայրագութիւններն ու բռնութիւնները, պատճառուած կորուստներն ու աւերները։

Մտաբերելով այս դէպքերը՝ կը ծագի բնական հարց մը՝ ինչպէ՞ս կրնան պահպանուիլ իրավիճակի կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը, երբ այդ ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը միակողմանի են։ Ինչպէ՞ս կրնանք հասնիլ խաղաղութեան, երբ ջանք եւ միջոց չի խնայուիր բոլոր հնարաւոր եւ անհնարին ճանապարհներով սեփական բնակչութեան մէջ ատելութիւն ու թշնամանք սերմանելու հարեւան հայ ժողովուրդի դէմ, իսկ հայկական կողմի եւ միջազգային հանրութեան արդար եւ առարկայական գնահատականներուն կը հակադարձուի անհիմն մեղադրանքներով։

Մեր տարածքաշրջանէն ներս խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի, ինչպէս եւ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը՝ բացառապէս բանակցութիւններու միջոցաւ։ Այլընտրանք չունի նաեւ Արցախի մեր հաւատաւոր ժողովուրդի ազատ եւ անկախ կեանքը։

Այսօր հրամայական է, որ կամք եւ յանձնառութիւն դրսեւորուի՝ հիմնախնդրի լուծումը փնտռելու միմիայն բանակցային հարթութեան մէջ եւ կասեցնելու հրադադարի խախտման դրսեւորումները, սահմաններէն հեռացնելու դիպուկահարները, դադրեցնելու անդադար գնդակոծումները եւ այլեւս պատճառ չդառնալու հրադադարի պայմաններուն ներքեւ ընտանիքներու դժբախտացման՝ անվտանգ պահելով մեր զինուորագրուած զաւակներուն կեանքը։ Իւրաքանչիւր փամփուշտ, որ կ՚արձակուի Աստուծոյ արարածի դէմ, նաեւ Աստուծոյ դէմ է։

Այստեղ մենք կը տեսնենք մեր՝ հոգեւոր առաջնորդներուս առաքելութիւնը՝ յորդորելու եւ պատգամելու, մեր լծակիցներու հետ միասին ձեւաւորելու այն գիտակցութիւնը եւ փոխըմբռնման ու հանդուրժողականութեան մթնոլորտը, որոնց պայմաններուն ներքեւ հնարաւոր պիտի դառնայ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի յառաջխաղացումը։ Միեւնոյն ժամանակ մեր հանապազ յորդորը պէտք է բերենք զինուորականներուն՝ պահպանելու հրադադարը եւ խուսափելու սադրանքներէ։

Մենք մեծապէս կը կարեւորենք միջազգային հանրութեան դերակատարութիւնը, մասնաւորապէս՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի առաքելութիւնը հակամարտութեան շփման գծին վրայ վերահսկողութեան դրութիւններու կիրառման եւ սահմանային դէպքերու հետաքննութեան հարցին մէջ։ Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Քիրիլ Ա. Պատրիարքին եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ՝ հակամարտութեան առաջին իսկ օրէն դրսեւորուած սրտացաւութեան եւ միջնորդական ջանքերուն համար։

Աստուծոյ հաճելի են արդարութեան եւ խաղաղութեան ճանապարհներով ընթացողները, որովհետեւ այնտեղ է Իր սէրն ու օրհնութիւնը, հովանին ու ողորմութիւնը, ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ. «Արդարութեան պտուղը խաղաղութեամբ կը սերմանուի անոնց համար, որոնք խաղաղութիւն կ՚ընեն» (Յակ. Գ 18)։ Ուստի մէկտեղենք մեր ջանքերը ու միասնաբար ընթանանք այդ ճանապարհներով։ Այս գործընթացին մէջ պատասխանատուութիւն ունինք բոլորս։

Մենք աղօթք կը բարձրացնենք առ Բարձրեալն Աստուած եւ կը հայցենք, որ օրհնէ եւ արդիւնաւորէ բոլոր անհատներու, հասարակական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու այն նախաձեռնութիւնները, որոնք ուղղուած են ազգամիջեան յարաբերութիւններու վերականգնման, համերաշխութեան զօրացման եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման։ Թող Բարձրեալի օրհնութեամբ աշխարհի վրայ եւ մեր ժողովուրդներու կեանքէն ներս միշտ գերակայէ հաշտութեան ոգին եւ պտղաբերի փոխըմբռնումն ու բարեկամեցողութիւնը։

Շնորհակալութիւն այս հանդիպման համար։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2017