ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Այսօր մենք՝ ատրպէյճանցի եւ հայ ժողովուրդներու հոգեւոր առաջնորդներս, կրկին հանդիպեցանք Մոսկուայի մէջ, Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքի հրաւէրով քննարկելու ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղիները, առանց որոնց հնարաւոր չէ հասնիլ Կովկասէ ներս հաշտութեան եւ անվտանգութեան։

Մենք յատուկ նշանակութիւն կ՚ընծայենք խաղաղարարական երկխօսութեան հետեւողական զարգացման, բանակցութիւններու շարունակման եւ միջազգային հանրութեան միջնորդական ջանքերուն, որոնք կ՚օգնեն հասնիլ հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման։

Համոզուած ենք, թէ տարաձայնութիւնները կարելի է յաղթահարել՝ յենլով բարիդրացիական սկզբունքներու եւ աւանդական կրօններու կողմէ քարոզուող բարոյական արժէքներու՝ բարութեան, մերձաւորի նկատմամբ սիրոյ, փոխադարձ ներողամտութեան եւ բարեգործութեան վրայ։

Հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդները մշտապէս պիտի ապրին կողք կողքի, այդ իսկ պատճառով չկայ այլընտրանք մը, քան խաղաղութիւնն ու համագործակցութիւնը։ Բազմաթիւ մարտահրաւէրներու առջեւ մենք՝ մեր ժողովուրդներու հոգեւոր առաջնորդներս, պարտաւոր ենք փնտռել համատեղ պատասխաններ։

Կ՚աղօթենք խաղաղութեան պահպանման եւ հակամարտութեան հետ առընչուած մարդասիրական բոլոր խնդիրներու շուտափոյթ լուծման համար եւ առ այդ կը յորդորենք մեր ժողովուրդներու քաղաքական եւ հասարակական գործիչներուն։

Մենք կոչուած ենք միասին հոգ տանիլ տառապեալներու եւ ընչազուրկներու համար, վկայել հոգեւոր եւ բարոյական անանց արժէքներու մասին, փնտռել հակասութիւններու հանգուցալուծման խաղաղ եւ արդար ուղիներ։ Խիստ կարեւոր է հրաժարիլ ռազմատենչ եւ թշնամական հռետորաբանութենէ։

Կոչ կ՚ուղղենք համապատասխան անձերուն՝ նպաստելու ազատ արձակման այն բոլոր բնակիչներուն, որոնք չեն մասնակցած ռազմական գործողութիւններուն եւ յայտնուած են գերութեան մէջ։

Իբրեւ հոգեւոր առաջնորդներ՝ մենք կոչուած ենք պաշտպանելու եկեղեցիները, մզկիթներն ու այլ սրբավայրերը։ Հետեւաբար խիստ կարեւոր է ապահովել կրօնական նշանակութեամբ յուշարձաններու անձեռնմխելիութիւնն ու յարգալից վերաբերմունքը անոնց նկատմամբ։

Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդներու երիտասարդութիւնը դաստիարակել բարեացակամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի, խաղաղասիրութեան եւ աւանդական բարոյականութեան ոգիով։

Մենք, որպէս հոգեւոր առաջնորդներ, մեր կողմէ պատրաստակամութիւն կը յայտնենք պաշտպանելու ղարաբաղեան հակամարտութեան հանգուցալուծման ուղղեալ խաղաղարարական նախաձեռնութիւնները։ Հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմանի հանդիպումներու պատմութիւնը կը վկայէ նման շփումներու դրական ներգործութեան մասին հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վրայ, որ երբեք պէտք չէ վերածուի կրօնական հակամարտութեան։ Մենք մեծ յոյսեր կը կապենք բանակցային գործընթացին հետ։ Մեր ժողովուրդներու առջեւ պատասխանատուութիւնն ու պարտքը կը մղեն մեզ՝ հոգեւոր առաջնորդներս, անխոնջ եւ հետեւողական ջանքեր գործադրել յանուն խաղաղութեան եւ բարիի իտէալներու երկար սպասուած յաղթութեան։ Մենք պատրաստ ենք գործադրել բոլոր հնարաւորութիւնները տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման համար։

Մեր համայնքներու բոլոր զաւակներուն կ՚ուղղենք խաղաղութեան, բարօրութեան եւ բարի ձեռնարկումներու մէջ յաջողութիւններու բարեմաղթանքներ։ Կ՚աղօթենք Բարձրեալին տարաձայնութիւններու յաղթահարման եւ չարիքէ ու մեղքէ մեր ժողովուրդները պահելու համար։ Թող Կովկասի հինաւուրց եւ սուրբ հողի վրայ հաստատուի օրհնեալ խաղաղութիւնը, իսկ մեր երկիրներու ժողովուրդները ապրին խաղաղ ու հաշտ, աստուածատուր բարոյական օրէնքով։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ եւ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան պատուիրակութիւնը՝ Շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի գլխաւորութեամբ, յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ անոր գահակալ Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Նորին Սրբութիւն Քիրիլ Պատրիարքին տուեալ եռակողմանի հանդիպման կազմակերպման, Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ կարեւորագոյն ներդրման համար եւ Նորին Սրբութեան կը մաղթեն Բարձրեալի օգնականութիւնը աստուածահաճոյ այդ բարձր առաքելութիւնը շարունակելու գործին մէջ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2017