«ՄԵՌՆԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ՉԷ»

Թողարկուած է Տենիըլ Քրէյկի մասնակցութեամբ «Մեռնելու ժամանակը չէ» ժապաւէնի նոր ցուցադրութիւնը։ Առցանց հարթակի վրայ յայտնուած է Ճէյմս Պոնտի մասին յառաջիկայ շարժանկարի նոր առաջնացուցադրութիւնը։ Քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ շարժանկարին առաջնացուցադրութիւնը ապրիլին յետաձգուած էր նոյեմբերի։

Մօտաւորապէս երկուքուկէս վայրկեան տեւողութեամբ տեսահոլովակը կը սկսի այն տեսարանով, որ գլխաւոր հերոսը մազապուրծ կը փրկուի ինքնաշարժի արկածէ, այնուհետեւ ան կամուրջէն կը թռչի պարանի վրայ եւ կը խրի պատի մէջ… Ուժական տեսանիւթին մէջ նկարահանումներ կան նաեւ ցամաքի, օդի եւ ծովու մէջ, ինչպէս նաեւ հետապնդումներ՝ ինքնաշարժներով ու մոթորսիքլեթներով:

Մի քանի անգամ կը յայտնուին նոր հերոսները. Ռամի Մալէք, որ գլխաւոր չարագործի՝ Սաֆինի դերակատարն է, կը ձգտի վրէժ լուծել նշանաւոր գործակալէն, Անա տէ Արմաս, որ կը մարմնաւորէ Պոնտի նոր ծանօթին, եւ Լաշանա Լինճ, որ ժամանակաւորապէս կը ստանձնէ անոր գործառոյթները։

«Մեռնելու ժամանակը չէ» շարժանկարին մէջ Տենիըլ Քրէյկ Պոնտի դերով հանդէս կու գայ հինգերորդ անգամ։ Նախագիծի բեմադիրը Քերի Ֆուքունական է, որ փոխարինած է Տենի Պոյլը: Բեմագրութեան վրայ աշխատանքին մասնակցած է Ֆիպի Ուոլըր-Պրիճ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2020