«ՔՈՐՈՆԱՅԻ ՇՐՋԱՆԻՆ ՀԱՆԳՍՏԱՑԱՅ»

Ֆրանսացի աշխարհահռչակ դերասանուհի Մարիոն Քոթիար Harper՚s Bazaar ամսագրին տուած հարցազրոյցի ընթացքին պատմած է քորոնաժահրի համավարակի եւ այդ ամիսներու ընթացքին իր մտորումներու մասին։ 44 տարեկան դերասանուհիի խօսքով՝ համավարակի ու ինքնամեկուսացման այդ ամիսները շատ հաճելի էին, որովհետեւ ինք ըստ բաւականի հանգստացած է։ «Ես ինքզինքս իսկապէս մօտ կը զգայի ամբողջ աշխարհին ու կը կարծեմ, որ շատ մարդիկ նոյն զգացողութիւնը ունէին։ Չկար որեւէ կարեւոր բան մոռնալու վախը։ Ես խորհեցայ նաեւ աշխարհի, հասարակութեան եւ շրջակայ միջավայրին մէջ  տեղի ունեցող իրադարձութիւններու մասին», ըսած է դերասանուհին։ Քոթիար անդրադարձած է յունուարին որպէս Greenpeace-ի դեսպան դէպի Անթարքթիքա իր ճանապարհորդութեան։ «Իմ կեանքի մէջ տեսած ամենագեղեցիկ վայրերէն մէկն էր։ Բայց մենք տեսանք, որ թեւատներու սերունդը կը նուազի, իսկ կերպընկալը հասած է հոն, ուր մարդ ոտք չէ դրած, այնպէս որ այդ շատ տագնապալի էր», ըսած է ան:

Մարիոն Քոթիար, որ 1975 թուականին ծնած է Փարիզի մէջ, 2007 թուականին ստացած է «Օսքար» մրցանակ։ Խաղացած է բազմաթիւ ժապաւէններու մէջ, որոնց կարգին են «Թաքսի» շարքը, «Ներգաղթեալը», «Լիզա», «Կեանքը վարդագոյն երանգով» եւ այլն։ Անոր մարմնաւորած դերերու գլխաւորներէն է Էտիթ Փիաֆի կեանքը ներկայացնող ժապաւէնը։

Մինչ այդ, մայիսին Մարիոն Քոթիար ու կենակիցը՝ բեմադրիչ եւ դերասան Կիյոմ Քանէ,  վարակուած էին քորոնաժահրով։ Մարիոն Քոթիար ու 47 տարեկան Կիյոմ Քանէ հիւանդութիւնը թեթեւ անցուցած են:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2020