ԻՍԿԱԿԱՆ ՏԻՐՈՋ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Սպանիայի ոստիկանութիւնը Ժոան Միրոյի կորսուած կտաւը գտած է Լոնտոնի մէջ աճուրդի մը ընթացքին։ Այսպէս, Սպանիայի ոստիկանութիւնը Լոնտոնի աճուրդի ընթացքին գտած է Ժոան Միրոյի՝ տեղափոխելու ժամանակ կորսուած կտաւը. զայն վերադարձուցած են օրինական տիրոջը:

Սպանացի հաւաքորդը կտաւը վաճառած էր Լոնտոնի բնակիչի մը, սակայն ուղարկելու ժամանակ ան կորսուած էր։

Հետաքննութիւն սկսած էր յուլիսին, երբ քաթալոնցի նկարիչի՝ «Կաուտի»ի շարքէն աշխատանքը կորսուելու մասին յայտնած են փոխադրութեան ընկերութեան։ Այս ձեւով նոր տէրը չէր ստացած կտաւը։ Իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցները պարզած են, որ ստեղծագործութիւնը ուղարկած են սխալ հասցէով, սակայն պատահական ստացողը հաւաստիացուցած է, որ զայն ուղարկած է Սպանիա:

Արդիւնքին՝ կտաւը յայտնաբերած են Լոնտոնի աճուրդի ընթացքին։ Կտաւին արժէքը մօտաւորապէս գնահատուի 10 հազար եւրօ: Անգլիոյ իրաւապահ մարմինները պահանջած են ստեղծագործութիւնը հանել աճուրդէն ու կտաւը վերադարձուցած՝ տիրոջը:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2020