Ո՞ՒՐ Կ՚ԱՊՐԻՆ ՈՒՐԱԽ ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ

ՄԱԿ-ի մէջ յայտնած են լաւագոյն երկիրը երեխաներու ապրելու համար։ Այսպէս, ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամը (ԻՒՆԻՍԷՖ) կատարած է հետազօտութիւն մը, որու արդիւնքով՝ Հոլանտան տեղաւորած է այն երկիրներու վարկանիշի առաջին հորիզոնականին մէջ, որ կազմուած է ըստ երեխաներու բարեկեցութեան մակարդակի: Երկրորդ եւ երրորդ դիրքերու վրայ յայտնուած են Դանիան եւ Նորվեկիան:

Փորձագէտները համեմատած են աշխարհի 41 երկիրներու երեխաներու հոգեկան եւ ֆիզիքական առողջութեան, ակադեմական պատրաստութեան եւ ընկերային ունակութիւններու ցուցանիշները: Վերլուծելով հետազօտութիւններու տուեալները՝ մասնագէտները յանգած են այն եզրակացութեան, թէ երեխաները ինքզինքնին ամենալաւը կը զգան Հոլանտայի մէջ։ ԻՒՆԻՍԷՖ-ի կազմած ընդհանուր վարկանիշի երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը զբաղեցնեն Դանիան եւ Նորվեկիան, չորրորդ եւ հինգերորդ տեղերը՝ Զուիցերիան եւ Ֆինլանտիան: Ռուսաստանի վերաբերեալ տուեալները հետազօտութեան մէջ ներկայացուած չեն:

Հոլանտան նաեւ առաջին հորիզոնականը կը զբաղեցնէ այն երկիրներու ցուցակին վրայ, ուր երեխաները ամենագոհն են իրենց կեանքէն. նման երեխաներու բաժինը այս երկրին մէջ կը կազմէ 93 տոկոս: Երեխաներու շրջանակներէն ներս կեանքէն բաւարարուածութեան բարձր ցուցանիշներ արձանագրուած են նաեւ Մեքսիկայի (86 տոկոս), Ռումանիոյ (85 տոկոս), Ֆինլանտիայի (84 տոկոս), Խրուաթիայի (82 տոկոս), Զուիցերիոյ (82 տոկոս), Սպանիայի (82 տոկոս) եւ Լիթվայի (82 տոկոս) մէջ: ԻՒՆԻՍԷՖ-ի ուսումնասիրութեան տուեալներու համաձայն, իրենց կեանքէն գոհ են Թուրքիոյ մէջ ապրող երեխաները։ Թուրքիոյ մէջ իրենց կեանքէն գոհ երեխաներու բաժինը կը կազմէ 53 տոկոս։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2020