ՔՈՓՓՈԼԱՅԻ ՆՈՐ ԺԱՊԱՒԷՆԸ

Ֆրանսիս Ֆորտ Քոփփոլա կը վերաթողարկէ «Կնքահայր 3»ը։ Այսպէս, Ֆրանսիս Ֆորտ Քոփփոլա յայտարարած է, որ կ՚աշխատի «Կնքահայր 3»ի նոր տարբերակի վրայ։ Ըստ Քոփփոլայի, ան կ՚ըլլայ եռերգութեան «աւելի յարմար աւարտը»։

Շարժանկարը կը կոչուի «Կնքահայր Մարիօ Փիւզօ: Վերջերգ. Մայքըլ Քոռլէոնիի մահը»:

Քափփոլա ինք, որ վաղուց կը փափաքէր վերափոխել երրորդ մասը, պարզաբանած է, որ այս տարբերակը իրեն աւելի հաճելի է եւ ան առաւել կը համապատասխանէ Մարիօ Փիւզոյի հետ իրենց տեսլականին։ «Կնքահայր 3»ը թողարկուած է 1990 թուականին՝ դեռ գրողի կեանքի օրօք եւ ստեղծուած է անոր բեմագրութեամբ։

«Եզրափակիչի այս տարբերակի համար ես նոր սկիզբ եւ վերջ ստեղծած եմ, փոխած եմ յատկապէս տեսարաններու ու պատկերներու տեղերը եւ վիճակները: Նման փոփոխութիւններով եւ տեսաձայնային վերականգնումներէ յետոյ այս տարբերակը, ինծի այնպէս կը թուի, թէ լաւագոյն վերջնամասն է «Կնքահայր» եւ «Կնքահայր 2» շարժանկարներու համար։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Paramount սթիւտիոյին, որ ինծի հնարաւորութիւն տուաւ վերաթողարկելու համար ժապաւէնը», ըսած է Քոփփոլա։

Երրորդ մասը հանդիսատեսներու ու քննադատներու կողմէ զուսպ արձագանգներու արժանացած է առաջին երկուքի համեմատութեամբ, որոնք կը համարուին ամերիկեան շարժանկարի արուեստի լաւագոյն ժապաւէններէն մէկը: Այնուամենայնիւ, այն ստացած է «Օսքար»ի եօթ անուանակարգ, այդ կարգին՝ «լաւագոյն ֆիլմ» եւ «լաւագոյն ռեժիսէօր» անուանակարգերու մէջ: Կ՚ենթադրուի, որ նոր «Կնքահայր 3»ը սահմանափակ ծախսով կը թողարկուի դեկտեմբերին՝ նախորդ շարժանկարի թողարկման 30-ամեակի կապակցութեամբ, այնուհետեւ կը յայտնուի թուային հարթակներու մէջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2020