ՎԵՐԱՊԱՀ ՈՒ ԴՐԱԿԱՆ

Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Անգարայի եւ Երեւանի ղեկավարութիւնը կը շարունակեն իրարու աչք թարթել։ Տարածքաշրջանէ ներս ստեղծուած նոր իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ կ՚ակնկալուի յաղթահարել Թուրքիա-Հայաստան վաղեմի փակուղին եւ բնականոնացնել երկու հարեւան երկիրներու յարաբերութիւնները։ Կողմերը ամենաբարձր մակարդակի վրայ կանաչ լոյս կը վառեն այսպիսի հեռանկարի մը համար, թէեւ տակաւին գործնականութեան տեսակէտէ շօշափելի զարգացումներ չկան։ Թուրքիայէն Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Հայաստանէն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները այս նիւթը ուշադրութեան առարկայ կը պահեն։ Երկու մայրաքաղաքները վերապահ ու դրական ազդանշաններ կու տան՝ իրարու հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու հեռանկարով։

Երէկ, Հայաստանի կառավարութեան հերթական ժողովի բացման փուլին Փաշինեան վերստին անդրադարձաւ Էրտողանի վերջին ծանօթ յայտարարութիւններուն։ Սա արդէն անընդմէջ երկրորդ կառավարութեան նիստն է, որու բացման վարչապետը կանգ կ՚առնէ այս նիւթին վրայ։ Այսպէսով Երեւանի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ կրկնեց իր պատրաստակամութիւնը Անգարայէն վերջին շրջանին հնչած մտադրութիւններուն ընդառաջելու կապակցութեամբ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ նախագահ Էրտողանի հրապարակային յայտարարութիւններուն շուրջ Փաշինեան ըսաւ. «Այդ յայտարարութիւններուն մէջ մենք կը տեսնենք Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարգաւորելու, հայ-թրքական երկաթուղին եւ ճանապարհները վերագործարկելու մասին խօսելու հնարաւորութիւն։ Եւ մենք պատրաստ ենք նման խօսակցութեան։ Մեծ հաշուով խօսքը մեր տարածքաշրջանը՝ Արեւմուտքը Արեւելքին, Հիւսիսը Հարաւին կապող խաչմերուկ մը դարձնելու մասին է։ Այս գործընթացին աշխոյժ աջակցելու հրապարակային պատրաստակամութիւն յայտնած է Ռուսաստանի Դաշնակցութիւնը։ Եւրոմիութիւնը, Ֆրանսան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները նոյնպէս հետաքրքրուած են այս գործընթացով։ Իսկ Չինաստանի ու Հնդկաստանի շահագրգռուածութիւնը հաղորդակցական նախագիծերու զարգացման ուղղութեամբ յայտնի է։ Տարածքաշրջանի խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը Հայաստանի կառավարութեան երկարատեւ ռազմավարութիւնն է։ Եւ մենք մեզ պատասխանատու կը համարենք այդ խնդրի լուծման համար։ Խաղաղութիւնը, կայունութիւնը, համագործակցութիւնը դիւրին յայտարարելի եւ ցանկալի նպատակներ են, բայց անոնց իրագործման համար խելամիտ, մտածուած շահապաշտ ջանքեր կը պահանջուին։ Եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է նման ջանքեր գործադրելու»։

Կառավարութեան նիստի սկիզբէն առաջ Փաշինեան հերթական անգամ խօսեցաւ սահմանակից երկիրներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ու խորացման հնարաւորութիւններուն մասին։ Ուշագրաւ էր, որ իր յայտարարութիւնները զուգադիպեցան՝ նոյն օրը աւելի ուշ դէպի Թիֆլիզ ձեռնարկած պաշտօնական այցելութեան։ Հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու խորացումը, Փաշինեանի խօսքով, կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մին պիտի ըլլայ։ «Մեզի համար չափազանց կարեւոր է երկաթուղային կապի հաստատումը Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ», ըսաւ ան։ Հայաստան-Վրաստան քննարկումներու օրակարգին վրայ էական դեր կը խաղայ տարածքաշրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացման նիւթը։ «Այս համատեսքին մէջ կը կարեւորեմ հիւսիս-հարաւ նախագիծը, որ Իրանի հետ մեր սահմանը կը կապէ Վրաստանի հետ մեր սահմանին», նշեց ան։

Մանրամասնելով Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ երկաթուղային կապի հաստատման՝ չափազանց կարեւոր նիւթին վերաբերեալ հանգամանքները՝ վարչապետը շարունակեց. «Այս խնդիրը լուծելու համար Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի ձեւաչափով կը քննարկենք հաղորդակցութիւններու վերաբացման հարցը։ Այստեղ մենք վճռական ենք ջանքեր գործադրելու համար՝ յստակ արդիւնքներու հասնելու նպատակով։ Կը գիտակցինք, ի հարկէ, որ Ատրպէյճանն ալ կ՚ակնկալէ, իր հերթին, հաղորդակցութիւն իր արեւմտեան շրջաններուն եւ Նախիջեւանի միջեւ։ Աւելորդ չեմ համարեր յիշեցնել, որ մենք տրամադրուած ենք վերականգնել խաղաղ գործընթացը Ատրպէյճանի հետ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս»։

Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց Ատրպէյճանի հետ սահմանազատում եւ սահմանագծում իրականացնելու օրակարգը։ «Եւ մենք կը շարունակենք աշխատիլ այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ պայմանները ստեղծելու նպատակով։ Յոյս ունինք օր առաջ աւարտին հասցնել մեր գերիներու, պատանդներու եւ ի պահ դրուած այլ անձերու Հայաստան վերադարձման գործընթացը», ընդգծեց վարչապետը։

Այս յայտարարութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ սկսաւ Նիկոլ Փաշինեանի դէպի Թիֆլիզ պաշտօնական այցելութիւնը։ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ ան վարեց բանակցութիւններ, որոնք տեւեցին շուրջ երկու ժամ։ Երկու վարչապետներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Փաշինեան ըսաւ. «Տարածքաշրջանէ ներս ստեղծուած են նոր հնարաւորութիւններ, որոնց կիրառումը, սակայն, փաստ չէ»։ Վարչապետը դիտել տուաւ, որ այնուամենայնիւ պէտք է ջանքեր գործադրել այդ հնարաւորութիւնները օգտագործելու համար։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2021