ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԷԿՏԵՂՈՒՄ

Ճատ­րա­կի հա­մալ­սա­րա­նա­կան խում­բե­րու Եւ­րո­պա­յի ա­ռաջ­նու­թիւ­նը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Նա­խըն­թաց օր կա­յա­ցած բաց­ման հան­դի­սու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Կրթու­թեան նա­խա­րար Ար­մէն Ա­շո­տեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի փո­խանց­մամբ, նա­խա­րա­րը հան­դէս ե­կաւ նաեւ բաց­ման խօս­քով մը եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն՝ շեշ­տե­լով, թէ Հա­յաս­տա­նի հա­մար մեծ պա­տիւ մըն է հիւ­րըն­կա­լել Եւ­րո­պա­յի ճատ­րա­կի ու­սա­նո­ղա­կան մրցա­շար­քը։ 
Հան­դի­սա­ւոր ձեռ­նար­կին ժա­մա­նակ տո­ղան­ցե­ցին ա­ռաջ­նու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը։ Ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ճատ­րա­կի ա­կա­դե­միոյ հիմ­նա­դիր-նա­խա­գահ, ճատ­րա­կի հա­մաշ­խար­հա­յին 37-րդ ո­ղիմ­պիա­կան ա­խո­յեան, Հա­յաս­տա­նի քա­ռա­կի ա­խո­յեան, մեծ վար­պետ Սմբատ Լպու­տեան՝ շեշ­տե­լով, թէ ու­րա­խա­լի է, որ կը ծնի ճատ­րա­կի նոր մրցա­շարք մը։ 
Ու­սա­նո­ղա­կան մրցա­շար­քին կը մաս­նակ­ցին Լե­հաս­տա­նէն, Ռու­սաս­տա­նէն, Փոր­թու­գա­լէն, Ֆրան-­սա­յէն, Թուր­քիա­յէն, Խրուա­թիա­յէն, Սեր­պիա­յէն, Սլո­վե­նիա­յէն եւ Հա­յաս­տա­նէն խում­բեր։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015