ԱՆՆԵՐԵԼԻ ՅԱՆՑԱՆՔ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնկած պատերազմի պայմաններուն ներքեւ երէկ զգայացունց իրադարձութիւն մը ապրուեցաւ եւ այս ցաւալի դէպքը եկաւ հաստատել, թէ կացութիւնը որքան լուրջ, նոյնիսկ անհաւատալի համեմատութիւններու հասած է՝ ծայրայեղութիւններու եւ ապագայ անշրջադարձելի սպառնալիքներու տեսակէտէ։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը հարուածած են Շուշի քաղաքի խորհրդանշան՝ Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին։ Այս դէպքը շատ լայն արձագանգ ստեղծեց։ Միջազգային լրատուամիջոցները, որոնք կը հետեւին պատերազմին, անմիջապէս լուսաբանեցին այս անհաւատալի դէպքը։ Եկեղեցւոյ ռմբակոծումը լուսաբանելու ժամանակ ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ ռուս լրագրող մը, որ Ստեփանակերտի մէջ վիրահատուեցաւ. իր կացութիւնը կը շարունակէ մնալ ծանր։ Ան փոխադրուեցաւ Երեւան։

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այս ծանրակշիռ դէպքէն վերջ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ հետեւեալ գրառումով. «Շուշիի Ս. Ղազանչեցոց եկեղեցին եւս թիրախ դարձաւ ահաբեկիչներու կողմէ։ Վանտալիզմի այս դրսեւորումը դէմ է մարդկութեան եւ Աստուծոյ օրէնքներուն։ Կը վերականգնենք»։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանն ալ այս կապակցութեամբ «Արմէնփրէս»ին յայտարարեց. «Անոնք մեր հոգեւոր արժէքները կը հարուածեն այն ժամանակ, երբ մենք կը վերականգնենք մզկիթները»։ Թեմակալ առաջնորդը նշեց, որ այս դէպքին մէջ կը տեսնէ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) ձեռագիրը։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ այս դէպքին կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Մայր Տաճարի զգալիօրէն աւերումը համարուեցաւ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հերթական յանցագործութիւնը, որ կը բացայայտէ անոր հակամարդկային էութիւնը։ Այդուհանդերձ, այս քայլը լիովին կը տեղաւորուի տասնամեակներէ ի վեր Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող հայատեացութեան քաղաքականութեան շրջանակին մէջ։ «Իր այս գործողութիւններուն մէջ Ատրպէյճան ուղղակիօրէն կ՚ընդօրինակէ նորօրեայ իր դաշնակիցներու՝ միջազգային յայտնի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու գործելաոճը, որու հետեւանքով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ոչնչացուած են բազմաթիւ պատմամշակութային կոթողներ։ Խստօրէն կը դատապարտենք այս հրէշաւոր յանցանքը, որ միեւնոյն ժամանակ մարտահրաւէր մըն է նաեւ ամբողջ քաղաքակիրթ մարդկութեան համար», նշուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Մինչ այդ, Հայաստանի մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանն ալ երէկ անդրադարձաւ այս դէպքին։ Ան շեշտեց, որ ռմբակոծութեան ժամանակ եկեղեցւոյ նկուղին մէջ ապաստանած էին երեխաներ, կանայք ու տարեցներ։ Ատրպէյճան եկեղեցին ռմբակոծած է՝ գիտակցելով այդ հանգամանքը։

Միւս կողմէ, Գերմանիոյ Աւետարանական Եկեղեցիները Արցախի ժողովուրդին յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2020