ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին կոչ ուղղեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնել՝ գերիներու եւ զոհերու մարմիններու փոխանակման համար։ Մինչ «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը հաղորդեց Քրեմլինի այս նախաձեռնութիւնը, նոյնպէս ռուսական «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնն ալ տեղեկացուց, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այսօր Մոսկուա հրաւիրուած են՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ խորհրդակցութիւններու համար։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Պաքու եւ Երեւան հաստատած են Մոսկուայի մէջ նախատեսուած խորհրդակցութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը։ Ներկայիս աշխոյժ նախապատրաստական աշխատանքներ կ՚ընթանան։

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմական թէժ գործողութիւններու մթնոլորտին մէջ վերջին օրերուն դիւանագիտական ջանքերը խտացուած էին՝ հրադադար մը ապահովելու եւ հակամարտ կողմերը բանակցային սեղանի շուրջ վերադարձնելու առաջադրութեամբ։

Երէկ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Ֆրանսայի ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնի մշտական ներկայացուցչութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ հանդիպումը փակ ձեւաչափով ընթացած է ու կազմակերպուած՝ գաղտնի վայրի մը մէջ։ ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնի սահմաններէն դուրս եղած է այդ վայրը։ Երէկուան բանակցութիւններու բովանդակութեան շուրջ ալ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։

Միջազգային յառաջատար դերակատարները երէկ շարունակեցին իրենց նախաձեռնութիւնները՝ առաջին հերթին հրադադար մը ապահովելու առաջադրութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնացան Ռուսաստանի ջանքերը։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ տեղեկացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար բարձր մակարդակի վրայ երկխօսութիւնը կը շարունակուի։ Փութինի կոչին նախորդած երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Փեսքով չխորացաւ մանրամասնութիւններու մէջ ու գոհացաւ միայն հաւաստիացնելով, թէ Արցախի մէջ իրավիճակի կարգաւորման համար ռուսական կողմը կը շարունակէ քաղաքական ջանքեր ներդնել։ Բաց աստի, ան դիտել տուաւ, որ ներկայիս նախատեսուած չէ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպում մը։ Փեսքովի այս պարզաբանումներէն ժամեր անց արդէն հաղորդուեցաւ, որ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով խորհրդակցութիւն մը կազմակերպուած է։

Իր կարգին, Մարիա Զախարովան ալ երէկ տեղեկացուց, որ ռուսական կողմը կ՚առաջարկէ Մոսկուայի մէջ Մնացականեանի եւ Պայրամովի հանդիպումը կազմակերպել՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ։ «Ռուսաստան աշխոյժ ջանքեր կը գործադրէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցման եւ առկայ հիմնարար սկզբունքներու, միջազգային իրաւական փաստաթուղթերու հիման վրայ բանակցային գործընթացի վերսկսման համար», ըսաւ ան։ Ի լրումն այս բոլորին, ռուս բանբերը նշեց, որ խիստ յայտարարութիւնները չեն նպաստեր հակամարտութեան կարգաւորման՝ լարուածութեան թուլացման ուղղեալ ջանքերը եթէ անկեղծ են։ «Հակամարտութեան յաջող կարգաւորման համար անհրաժեշտ է նախապատուութիւն տալ յստակ գործողութիւններու եւ ո՛չ թէ թշնամական հռետորաբանութեան», ըսաւ Զախարովա։

Արցախի թէժ մարտերու մթնոլորտին մէջ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին այսօր կ՚այցելէ Երեւան։ Ան կը մասնակցի Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան բարձր մակարդակի ժողովներէն մէկուն, որ նախատեսուած է Հայաստանի տանտիրութեամբ։ Թէեւ այցելութեան շարժառիթը պատերազմի հետ կապ չունի, սակայն ժամկէտը արդէն յատկանշական կը դարձնէ զայն։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, ռուս վարչապետը Երեւան մեկնելէ առաջ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովի հետ։ «ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներով, Միշուսթին ընդգծեց հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակի շուտափոյթ կարգաւորման, մարտական գործողութիւններու դադրեցման եւ քաղաքական-դիւանագիտական կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացի վերականգնման կարեւորութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին կողմերը ընդգծեցին Անդրկովկասի տարածքաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու անվտանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը։

Դիւանագիտական ջանքերու մթնոլորտին մէջ երէկ ուշագրաւ յայտարարութիւն մըն ալ հնչեց Ուաշինկթընէն։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ Ուաշինկթըն կը մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի քննարկումներուն՝ որպէս համանախագահ։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան, որ վերջին օրերուն բաւական աշխոյժ ձեւով ներգրաւուած էր դիւանագիտական ջանքերուն մէջ, ըսաւ. «Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը այս պահուն շատ լուրջ է։ Այդ պատճառով է, որ մեր քաղաքական համախմբումն ալ շատ ամուր է։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները համատեղ յայտարարութիւնով հանդէս եկած են՝ հրադադարի կոչ ուղղելով կողմերուն, որովհետեւ մեծ թիւով քաղաքացիական զոհեր կան։ Կողմերէն իւրաքանչիւրը պէտք է շահագրգռուած ըլլայ առանց նախապայմաններու հրադադարի հաստատմամբ»։ Ֆրանսացի նախարարը յստակ ընդգծեց, որ վերջին ռազմական գործողութիւններուն սկսած է Ատրպէյճան։ «Կարելի չէ ըսել, որ մենք կ՚ուզենք հրադադար, բայց… Սա պիտի չըլլայ։ Կը դադրեցուի կրակը, կը սկսին բանակցութիւններ, որպէսզի համաձայնութեան հասնին յստակ իրավիճակի շուրջ, ինչ որ կողմերուն թոյլ պիտի տայ բնականոն ապրիլ», նշեց Լը Տրիան՝ ակնարկելով վերջերս Պաքուի կողմէ բարձրացուած նախապայմաններուն։

Իր կարգին, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաասն ալ յայտարարեց, որ եթէ առկայ կացութիւնը շարունակուի, ապա Պերլին փոփոխութեան կ՚ենթարկէ իր դիրքորոշումը։ Գերմանիոյ խորհրդարանէն ներս Արցախի վերաբերեալ երեսփոխաններու հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ Հէյքօ Մաաս ըսաւ. «Եթէ Ատրպէյճան շարունակէ մերժել հրադադարը, ապա Գերմանիա փոփոխութեան կ՚ենթարկէ իր անկողմնակալ դիրքորոշումը»։

Ռուսական աղբիւրները արձագանգ հանդիսացան նաեւ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի յայտարարութեան, ըստ որու, Թուրքիա տարածքաշրջանէ ներս կը դառնայ երկիր մը, որ կը խաթարէ կայունութիւնը։ Տենտիասի կողմէ այս պնդումին առաջադրումը ուշագրաւ է, որովհետեւ Անգարա-Աթէնք վերջին շրջանի լարուածութեան մթնոլորտին մէջ ան երէկ երկար ժամանակ անց հանդիպում մը ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։

Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները կը զուգորդուին միջազգային լրատուամիջոցներու՝ Անգարա-Մոսկուա մրցակցութեան վերաբերեալ մեկնաբանութիւններով։ Ռուսական «Քոմերսանտ» թերթը գրեց, որ դիւանագիտութիւնը առայժմ ի զօրու չէ Անդրկովկասէ ներս շարունակուող հակամարտութիւնը լուծելու։ Այլ ռուսական աղբիւր մը՝ «Ռեփորթեր» աւելի մեծ համայնապատկերի մը վրայ մեկնաբանած է առկայ կացութիւնը։ Այսպէս, Թուրքիա փորձած է Ռուսաստանը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ ներքաշել՝ անոր ուշադրութիւնը Սուրիայէն եւ Լիպիայէն շեղելու համար։ Ուստի, այդ մեկնաբանութեան մէջ նշուած է, որ ռուսական կողմին դէմ կատարուած հակայարձակումը կասեցուած է։ Ռուսաստան ղարաբաղեան հարցի վերաբերեալ արկածախնդրութեան մէջ արձանագրած է յաջողութիւն։ Յամենայնդէպս, մեկնաբանութիւնները բաւական տեսակաւոր են։ Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթը անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութան մէջ Անգարայի մասնակցութեան։ Թերթը կը գրէ, որ այժմ նախագահ Էրտողան կը ծաղրէ թէ՛ Քրեմլինը եւ թէ Սպիտակ տունը։ «Center for Global Policy»ին ալ հրապարակեց վերլուծութիւն մը, ըստ որու Հարաւային Կովկասի մէջ Թուրքիա մարտահրաւէր կը նետէ Ռուսաստանին։ Այսպէս, Անգարայի առաւել անմիջական մասնակցութիւնը աւելի անկանխատեսելի դարձուցած է այս սրուող հակամարտութիւնը։ «Թէեւ Անգարա վաղուց ղարաբաղեան ռազմական գործողութիւններու թատերաբեմին կարեւոր խաղացող մըն է, որովհետեւ Ատրպէյճանի գլխաւոր հովանաւորն ու ռազմավարական գործընկերն է։ Սակայն այս բախումներուն Թուրքիոյ բացայայտօրէն ներգրաւումը կրնայ փոխել հակամարտութեան ընթացքը», նշուած է վերլուծութեան մէջ։

ՀԱՊԿ-Ի ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ստանիսլաւ Զասի հետ։ Քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի իրադրութիւնը։ Ստանիսլաւ Զաս յայտնեց, որ ՀԱՊԿ արժեւորած է Ատրպէյճանի՝ Հայաստանին հարուածելու հաւանականութիւնը։ Ըստ իրեն, կազմակերպութեան կանխատեսումներով Ատրպէյճան չի հարուածեր Հայաստանը, որովհետեւ Պաքու տարածքային յաւակնութիւններ չունի Երեւանի պարագային։ Զաս նշեց, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիէ ներս վարձկան գրոհայիններու գոյութիւնը որոշակի մարտահրաւէր մըն է ՀԱՊԿ-ի համար։

Ընդհանուր քարտուղարը անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ դերակատարութեան։ «Եթէ Թուրքիա կ՚աշխատի ԵԱՀԿ-էն ստացած լիազօրութեան շրջանակին մէջ, ապա ունի հակամարտութեան կարգաւորումով զբաղելու իրաւունքը՝ որպէս Մինսքեան խմբակի անդամ։ Եթէ Թուրքիա կամ այլ որեւէ երկիր այդ շրջանակէն դուրս գայ, մենք չենք ողջուներ այս բանը», ըսաւ Զաս։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2020