ԷՐՏՈՂԱՆ. «ԱՅՍ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒՄԸ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ Է ՓՏԱԽՏԻ»

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւումը փտախտի մը վերածուած է։ Ափրիկեցի ղեկավարներու հետ ունեցած տեսաժողովին ժամանակ, Էրտողան երէկ իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին։ Ան նշեց, որ Հայաստան չի մօտենար համաձայնութեան եւ երեսուն տարիէ ի վեր անոր որդեգրած շփացածութեան հետեւանքով այս հարցը փտախտի մը վերածուած է։ Խնդրի լուծումը բռնագրաւման վերջ գտնելն է։ «Թուրքիա ամբողջ սրտով կը զօրակցի Ատրպէյճանի արդար պայքարին», ըսաւ Էրտողան եւ շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղ կը պատկանի Ատրպէյճանին։

Բաց աստի, իր ելոյթին մէջ Էրտողան դիտել տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական բախումներ տեղի կ՚ունենան՝ Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի վրայ կատարուած յարձակումներուն հետեւանքով։ Հակառակ ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի բացայայտ որոշումներուն եւ կոչերուն, Հայաստան այդ տարածքներէն ետ չէ քաշուած։ Մինսքեան խմբակն ալ ցայսօր կամք չէ դրսեւորած այս խնդրի լուծման ուղղութեամբ։ Ըստ Էրտողանի, դաշտի վրայ այլեւս գործադրութեան հաւանականութիւն չունին այն առաջարկները, որոնք բռնագրաւումը կ՚արդարացնեն։ «Մենք կը տեսնենք, թէ Ատրպէյճան ծայր աստիճան վճռական է՝ իր տարածքները ազատելու ուղղութեամբ։ Կը հաւատամ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւումէ փրկուելու ճանապարհին դուք ալ Ատրպէյճանի կողքին դիրք պիտի գրաւէք», ըսաւ Էրտողան իր ելոյթին մէջ։

Միւս կողմէ, Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շէնթոփ յայտնեց, որ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տարաձայնութիւններ գոյութիւն ունին Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։ Ըստ իրեն, այդ տարաձայնութիւնները պատճառ չեն դառնար Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններու վատթարացման։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2020