ԺԸՆԵՒԻ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՈՐՈՇՈՒՄ

Ժընեւի Քաղաքային խորհուրդը երէկ բանաձեւ մը ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կապակցութեամբ։ Այսպէս, այս բանաձեւով դատապարտուեցաւ Ատրպէյճանի ռազմական բռնութիւնը Արցախի դէմ։ Սոյն փաստաթուղթով կոչ ուղղուեցաւ ճանչնալ Արցախի հայերու ինքնորոշման իրաւունքը որպէս անոնց անվտանգութեան միակ երաշխիքը։

Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքի օրէնսդիր մարմնի ներկայացուցիչները յորդորեցին վարչական խորհուրդին միջամտել, որպէսզի Համադաշնակցութեան խորհուրդը զբաղի Սովետական Միութեան փլուզումէն ի վեր Ատրպէյճանը առաջնորդող Ալիեւներու շրջանակին ստացուածքի սառեցման հարցով։ Բանաձեւին մէջ ընդգծուեցաւ, որ Արցախի հայերը ունին ապրելու եւ ինքնորշման իրաւունք։

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ անմիջապէս արձագանգեց այս իրադարձութեան՝ կարեւորելով Ժընեւի Քաղաքային խորհուրդի որոշումը։ «Առաջին հայեացքով կրնայ հարց յառաջանալ, թէ նմանատիպ բազմաթիւ որոշումներու շարքին ի՛նչ կարեւորութիւն կրնայ ունենալ քաղաքային խորհուրդի մը որոշումը։ Սակայն սա միայն առաջին հայեացքով։ Ժընեւի Քաղաքային խորհուրդի որոշումը կը պարունակէ ձեւակերպում մը, որ աննախադէպ է նման յայտարարութիւններու շարքին։ Խօսքը կը վերաբերի հետեւեալ կէտին. «Ժընեւի Քաղաքային խորհուրդը կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը՝ որպէս անոր անվտանգութեան երաշխաւորման միակ հնարաւորութիւն», նշեց Լեւոն Տէր-Պետրոսեան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2020