ԿԱՅՈՒՆ-ԼԱՐՈՒԱԾ

Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ գիշեր հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակը եղած է յարաբերականօրէն կայուն-լարուած։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեանն ալ երէկ հաղորդած էր, որ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ ձեռնարկուած յարձակման փորձերը կը մատնուին անյաջողութեան։ Հայկական կողմը այս առաւօտ ալ հրապարակեց նոր նահատակներու անուններ՝ միշտ շեշտելով, որ Ատրպէյճանի կորուստները անհամեմատելիօրէն աւելի բարձր են։ Ըստ այդ տուեալներուն, հայկական կողմը ցարդ ունեցած է 387 զոհ։ Ատրպէյճանի բանակի զոհերու թիւն է 4369։

ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Մինչ այդ, պատերազմական գործողութիւններու իրավիճակին մէջ երէկ Երեւանէն հասաւ ուշագրաւ լուր մը։ Այսպէս, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնը ենթարկուեցաւ փոփոխութեան։ Նոր տնօրէնը արդէն նշանակուած է։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2020