ՅԻՇԵԼՈՎ ՄԵԾԱՆՈՒՆ ԱՐՇԱԿ ՖԵԹՎԱՃԵԱՆԸ

Արշակ Ֆեթվաճեան ծնած է Տրապիզոն, 1 հոկտեմբեր 1863 թուականին:

Անոր ծնողքը եղած է առեւտրական: Նախնական ուսումը ստացած է Տրապիզոնի ազգային վարժարանին մէջ: Արշակ մանկութեան տարիներուն արդէն ցուցաբերած է մեծ հետաքրքրութիւն հանդէպ արուեստի: Ան ղրկուած է Պոլիս, որպէսզի արուեստներու հանդէպ իր սէրն ու բնատուր շնորհները զարգացնէ Պոլսոյ Կայսերական գեղարուեստի վարժարանին մէջ, որուն անդրանիկ շրջանաւարտներէն եղած է 1887-ին:

Տեղւոյն կառավարութիւնը կրթաթոշակ տրամադրած է Արշակին, որպէսզի Իտալիա երթայ եւ հոն ուսանի այն պայմանով, որ վերադառնալէ ետք ծառայէ երկրին: Արշակ մերժած է, որովհետեւ հայ անուանի անձնաւորութիւն մը՝ պոլսահայ Ոսկան պէյ Մարտիկեան, լսելէ ետք առաջարկը, պատրաստակամութիւն յայտնած է հոգալ Արշակին Հռոմ ուսանելու կրթաթոշակը՝ պայմանով որ Ֆեթվաճեան ուսումը աւարտելէ ետք ծառայէ հայ ժողովուրդին եւ մշակոյթին ու մանաւանդ՝ իր անունը պիտի մնայ անյայտ: Ուստի Ֆեթվաճեան մեկնած է Հռոմ 1887-ին, այդ հայուն կրթաթոշակով: Հռոմի մէջ չորս տարի ուսանած է Սան Լուկա գեղարուեստի ակադեմիայի երդիքին տակ։ 1891-ին, ուսման աւարտին, մասնակցած է Իտալիոյ նկարիչներու ազգային ցուցահանդէսին: Իր ուսուցիչը թելադրած է Արշակին վերադառնալ իր հայրենիքը, որովհետեւ արուեստագէտ մը աւելի կրնայ ստեղծագործել եւ իր ազգային անյայտ մնացած արուեստն ու մշակոյթը ծանօթացնել աշխարհին:

Իտալիա ուսանած տարիներուն այցելած է Իտալիոյ զանազան քաղաքներ եւ մշակութային կեդրոններ՝ ծանօթանալու համար իտալական արուեստին եւ համաշխարհային արուեստներուն: Այցելած է Վենետիկ քաղաքը եւ հմայուած է անոր գեղեցկութեամբ: Ս. Ղազարի մէջ ծանօթացած է Ղեւոնդ Ալիշանին։ Անոր հրաւէրով, 1889-1891 ամառնային արձակուրդը անցուցած է Ս. Ղազարի Մխիթարեան միաբանութեան կեդրոնին մէջ եւ ուսումնասիրած է հայկական մանրանկարչութիւնն ու ձեռագիրներու մանրանկարները: Վենետիկի մէջ նկարած է վենետիկեան տեսարաններ:

1891-1895 թուականներուն Ֆեթվաճեան աշխատած է Վիեննայի մէջ եւ հոն մնայուն հանդիպումներ ունեցած է աւստրիացի արուեստագէտներու եւ նկարիչներու հետ, որոնց շնորհիւ իր մէջ խմորուած է արուեստի ճաշակն ու նրբութիւնը, եւ ան դարձած է արուեստի պատմութեան մասնագէտ: Հոն տիրապետած է ջրաներկի արուեստին եւ նկատուած է ջրաներկի յայտնի նկարիչ: Վիեննայի մէջ աշխատած է որպէս ազատ արուեստագէտ եւ վրձինած է շարք մը դիմանկարներ: Վիեննայի մէջ ստեղծած է իւղանկար մը, որ յետագային մեծ համբաւ ունեցած է, ինչպէս նաեւ ջրաներկով նկարած է բազմաթիւ կանանց դիմանկարներ եւ մերկ մարմիններ:

Վիեննայի մէջ կատարած է նաեւ գրական աշխատանք՝ արուեստաբանական գրականութիւն Պոլսոյ եւ Վիեննայի հայկական մամուլին մէջ:

Ֆեթվաճեան 1896-էն վերջ շրջագայած է Եւրոպայի կարգ մը երկիրներ, ուր ծանօթացած է յայտնի նկարիչներու: Ապա ան մեկնած է Խրիմ, ուր հանդիպած է մեծ գծագրիչ-ծովանկարիչ՝ Այվազովսկիին: Ֆեթվաճեան ուսանելի դասեր առած է անկէ եւ յետագային նկարած է իր ծովային պաստառները՝ Այվազովսկիի ազդեցութեան տակ։

Արշակ Ֆեթվաճեան անցած է Սեն Փեթերսպուրկ, ուր ապրած է 1896-1903 թուականներուն միջեւ: Հոն մօտէն ծանօթացած է ռուսական նկարչութեան արդի հոսանքին եւ դարձած է Ռուսաստանի Նկարիչներու ընկերութեան անդամ: Սեն Փեթերսպուրկի մէջ ծանօթացած է յայտնի նկարիչ Փանոս Թերլեմեզեանին եւ դարձած է անոր մտերիմ բարեկամը:

1899-ին հաստատուած է Թիֆլիզ: Ցուցահանդէսներով ներկայացուած է հանրութեան: Ֆեթվաճեան Թիֆլիզի մէջ իրագործած է վերականգնողական աշխատանքներ: Թիֆլիզի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ որմնանկարչական եւ քանդակագործական ձեւաւորումները, Կուսանաց անապատի Ս. Ստեփանոս եւ Արմաւիրի Ս. Գէորգ եկեղեցիներու վերաշինութիւնը, Հայաստանի Առաջին հանրապետութաան 50, 100 եւ 250 ռուբլի անուանագինով թղթադրամներու ձեւաւորումը, Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան առաջին դրոշմաթուղթերու ձեւաւորումը։ Մասնակցած է Սուրբ Էջմիածինի նորոգութիւններուն:

1900-ին սկսած է Արշակ Ֆեթվաճեանի հայագիտական, հնագիտական եւ ազգագրական գործունէութիւնը:

Արշակ Ֆեթվաճեան ստեղծած է նաեւ հայ պետական գործիչներու, հայոց պատմութեան, դիցաբանութեան եւ ազգագրական նիւթերով աշխատանքներ ու կատարած է վերարտադրութիւններ հայկական մանրանկարչութեան նմոյշներէն: Ան հաւաքած է թանկագին նիւթեր՝ 1918-ին Էջմիածինի մէջ ստեղծած է Հայ կանանց ազգային տարազներու ջրանկար պատկերները, որոնք կը ներկայացնեն հայ կանանց գեղեցկութիւնը, ճաշակը, բնաւորութիւնները:

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան պաշտօնական թղթադրամներու եւ նամակադրոշմներու-դրոշմաթուղթերու հրատարակութենէն ետք Արշակ Ֆեթվաճեան Փարիզի Լուվր թանգարանին եւ Լոնտոնի արուեստի հանրածանօթ սրահներուն մէջ կազմակերպած է Անիի ջրանկարներու շարքին եւ հայկական տարազներու շարքին ցուցահանդէսները:

1920-ականներու սկիզբը կարճ ժամանակով ապրած է Փարիզ, ապա վերջնականապէս հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր անցուցած է իր կեանքին վերջին 25 տարիները: Ան մահացած է 10 (կամ 7) հոկտեմբեր 1947 թուականին, 81 տարեկանին։

Մահէն յետոյ աճիւնը տեղափոխուած է եւ թաղուած՝ Երեւանի մէջ, իսկ իր աշխատանքները, կտակի համաձայն, յանձնուած են Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2020