ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՃԱՆՉՆԱԼ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

Արցախի պատերազմի ներկայ ծանր փուլին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ հարցազրոյցներ տալ միջազգային յառաջատար լրատուամիջոցներուն։ Գերմանական «Spiegel» շաբաթաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտարարեց. «Այլեւս Ատրպէյճանը չէ, որ որոշումներ կը կայացնէ սեփական ճակատագրի վերաբերեալ, Թուրքիան կը կայացնէ այդ որոշումները»։ Ֆրանսական «TV5Monde» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ալ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Արցախի առկայ իրավիճակին մէջ միջազգային հանրութեան կողմէ պատշաճ արձագանգը կ՚ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչումը։

Միջազգային մամուլին տուած հարցազրոյցներուն առընթեր, Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան Միջկառավարական խորհուրդի ժողովի բացման ժամանակ։ «Երկու շաբաթ է՝ Ատրպէյճանի հետ կռիւները չեն դադրիր Ղարաբաղի սահմանին։ Հայ ազգը լի է վճռականութեամբ՝ մինչեւ վերջ պաշտպանելու մեր հայրենիքը», ըսաւ Փաշինեան ժողովի ընթացքին։

Արցախի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանի Միջազգային յարաբերութիւններու հարցերով խորհրդական Նելլի Պաղտասարեանն ալ երէկ ըսաւ. «Արցախի Հանրապետութիւնը այժմ չի կարողանար օգտուիլ անվտանգութեան արտաքին երաշխիքներէ, ուստի Հայաստանի եւ երրորդ երկիրներու կողմէ անոր միջազգային ճանաչումը հրատապ հարց մըն է»։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Աւստրիոյ վարչապետ Սեպաստիան Քուրցի հետ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Արցախի ռազմական գործողութիւնները եւ կարծիքներ փոխանակուեցան ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի կիրառման շուրջ։ Աւստրիոյ վարչապետը առաջարկեց, որ Վիեննայի մէջ հանդիպում մը կազմակերպուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ հարցազրոյց մը տուաւ «Fox News Channel»ին եւ ըսաւ, որ հարիւր տարի անց հայերուն դարձեալ ցեղասպանութիւն կը սպառնայ, որովհետեւ Թուրքիան կը ներգրաւուի Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանն ալ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Վրաստանի դեսպան Կիորկի Սականելիծէի հետ։ Այս առթիւ Տօնոյեան ընդգծեց, որ ռազմաճակատի իրադրութեան յետագայ սրումը կրնայ անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ ամբողջ տարածքաշրջանին համար։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2020