ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՁԵՌՆԱՐԿ

Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով Հայաստանի կրթամշակութային հաստատութիւնները պարբերաբար կը կազմակերպեն տարբեր բովանդակային ձեռնարկներ՝ իրենց բնակավայրէն ժամանակաւորապէս հեռացած երեխաներու ժամանցը ապահովելու համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի «Յովհաննէս Թումանեան» Պետական տիկնիկային թատրոնը երէկ հիւրընկալեց Արցախէն Հայաստան մեկնած փոքրիկներ։ Անոնք թատրոնէն ներս դիտեցին Յովհաննէս Թումանեանի «Անխելք մարդը» հեքիաթի բեմադրութիւնը։

Երեխաներուն հետ ներկայացման հետեւեցաւ նաեւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի փոխ-նախարար Արա Խզմալեան։ Թատրոնի տնօրէն Ռուբէն Պապայեանն ալ հակիրճ խօսքով մը ողջունեց փոքրիկ հանդիսատեսները ու խոստացաւ խաղաղութեան վերահաստատումէն անմիջապէս վերջ կազմակերպել, որ թատերախումբը այցելէ անոնց։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2020