ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՐԷԿ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ ՀՌՈՄԷՆ, ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԻՐ ԱԹՈՌԸ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Հռոմէն.-

Աւարտելով իր քառօրեայ ուղեւորութեան ծրագիրը, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ կէսօրուան ժամերուն հրաժեշտ առաւ Հռոմէն, ուր ունեցած շփումներուն ընթացքին իրեն ընկերացած էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ինչպէս հաղորդած էինք, այցելութեան վերջին օրը Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի հետ։ Այս զրոյցի տեւողութեան ձեւով մը ամփոփումը կատարուեցաւ Նորին Սրբութեան վերջին օրերու շփումներուն։

Վեհափառ Հայրապետը իր իջեւանած «Տոմուս Սանթա Մարթա»էն հրաժեշտ առաւ եւ առաջնորդուեցաւ Հռոմի «Լէոնարտօ տա Վինչի» օդակայանի պատուոյ սրահը։ Նորին Սրբութեան ողջերթ մաղթելու փութացած էր նաեւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Նազարեան։ Վեհափառ Հայրապետը եւ իրեն ընկերակից եկեղեցականները հրաժեշտ առին, իսկ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այսօր երեկոյեան ժամերուն կը վերադառնայ իր աթոռը։

Վեհափառ Հայրապետի մեկնումէն վերջ, Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ այցելեց Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական հայկական վարժարանը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Կաթողիկէ հայոց նորընտիր պատրիարք Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ.-ի հետ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանար Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ այս հանդիպումը, որմէ վերջ Լեւոնեան վարժարանէն ներս ընթրիքի սեղան մըն ալ սարքուեցաւ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ իր գաւազանակիրը՝ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան այսօր յետմիջօրէի ժամերուն Հռոմի «Լէոնարտօ տա Վինչի» օդակայանէն կ՚առնեն Թրքական օդային ընկերութեան սաւառնակը։ Երեկոյեան ժամերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վերադարձած կ՚ըլլայ իր աթոռը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2021