194 ՏԱՐԻ ԱՆՑ…

Լուտվիկ վան Պեթհովենի 10-րդ սիմֆոնին աւարտին հասած է հանճարեղ յօրինողի մահէն 194 տարի վերջ։ «Daily Mail»ի հաղորդմամբ՝ ստեղծագործութիւնը աւարտին հասցուած է արհեստական բանականութեան օգնութեամբ:

Օգտագործելով յօրինողի թողած ընդամէնը 250 ձայնանիշերը՝ արհեստական բանականութիւնը աւարտած է Պեթհովենի վերջին գլուխգործոցը: Ընդ որում, արհեստական բանականութիւնը այնքան լաւ աշխատանք կատարած է, որ 10-րդ սիմֆոնին լսող երաժիշտները չեն կրցած ըսել, թէ ո՛ւր կ՚աւարտի Պեթհովենի գրածը եւ ո՛ւր կը սկսի համակարգիչի աշխատանքը։

Նախագիծը վարած է «Deutsche Telekom»ը, մինչդեռ արհեստական բանականութիւնը նախագծած է Նիւ Ճըրզիի Ռաթկերսի համալսարանէն Ահմէտ Էլկամալ: «Քանի որ երաժշտութեան բնոյթը շատ կառուցուածքային եւ թուաբանական է, ես ի սկզբանէ հաւատացած էի, որ արհեստական բանականութիւնը կրնայ այդ մէկը ընել», ըսած է Ահմէտ Էլկամալ:

Ստեղծագործութեան համաշխարհային առաջին ներկայացումը տեղի կ՚ունենայ յաջորդ շաբաթ Պոննի՝ Պեթհովենի հայրենի քաղաքին մէջ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2021