ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒՄ

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ե­րե­ւան՝ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հրա­ւէ­րով։ Այս այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ Լեռ­նա­յին Ղա­ղա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին ա­ռըն­չու­թեամբ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը խտա­ցած են զգա­լիօ­րէն։ Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րէն սկսեալ մին­չեւ Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վին (ԵԽԽՎ) կող­մէ այս հիմ­նա­հար­ցին շուրջ Ատր­պէյ­ճա­նի տե­սա­կէ­տէ նպաս­տա­ւոր բա­նա­ձե­ւին ըն­դու­նուի­լը՝ կ՚ապ­րուին ա­նան­տե­սե­լի նո­րու­թիւն­ներ։ ԵԽԽՎ-ի յի­շեալ բա­նա­ձե­ւին մա­սին ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք ար­տա­յայ­տած է վե­րա­պա­հու­թիւն, իսկ Պա­քու ա­նար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեամբ ամ­բաս­տա­նած՝ Մինս­քեան խմբա­կը։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ հայ­կա­կան կողմն ալ մի­ջազ­գա­յին բո­լոր հար­թակ­նե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լով ու­շադ­րու­թիւն կը հրա­ւի­րէ Ատր­պէյ­ճա­նի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­ւա­նա­կան հե­տե­ւանք­նե­րուն վրայ։ Այս շրջագ­ծով Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վեր­ջին օ­րե­րուն ազ­դու ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Փա­րի­զի մէջ, ուր մաս­նակ­ցե­ցաւ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի 38-րդ ընդ­հա­նուր հա­մա­ժո­ղո­վին։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Փա­րի­զի ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին Նալ­պան­տեան ը­սաւ հե­տե­ւեա­լը.

«Հա­յաս­տան շա­րու­նա­կա­բար այս բարձր մարմ­նի ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րած է հա­րե­ւան Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ գտնուող հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ող­բա­լի ի­րա­վի­ճա­կին վրայ։ Միայն Նա­խի­ջե­ւա­նի շրջա­նին հա­զա­րա­ւոր միջ­նա­դա­րեան խաչ­քա­րեր, հա­րիւ­րա­ւոր հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­ներ, վան­քեր եւ այլ սրբա­վայ­րեր ամ­բող­ջու­թեամբ ոչն­չա­ցուած են Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ, ինչ որ նպա­տակ կը հե­տապն­դէ վե­րաց­նել հետ­քե­րը այն ժո­ղո­վուր­դին, որ դա­րեր շա­րու­նակ բնա­կած է այս շրջա­նին մէջ եւ որ այդ շրջա­նը կո­չած է «Նա­խի­ջե­ւան», ինչ որ հա­յե­րէն տա­ռա­ցիօ­րէն կը նշա­նա­կէ «Ա­ռա­ջին ի­ջե­ւան»՝ ն­կա­տի ու­նե­նա­լով աս­տուա­ծաշն­չեան Նո­յի ի­ջե­ւա­նած ա­ռա­ջին վայ­րը։ Վեր­ջերս Մի­ջազ­գա­յին կրօ­նա­կան ա­զա­տու­թեան հար­ցե­րով Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վը 2015 թուա­կա­նին հա­մար իր հրա­պա­րա­կած զե­կոյ­ցին մէջ, խօ­սե­լով Նա­խի­ջե­ւա­նի մէջ վան­տա­լիզ­մի են­թար­կուած հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տան մա­սին կ՚ար­ձա­նագ­րէ, որ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ կրօ­նա­կան ա­զա­տու­թեան հետ կա­պուած ի­րա­վի­ճա­կը կը շա­րու­նա­կէ վատ­թա­րա­նալ՝ օ­րի­նակ բե­րե­լով Պա­քուի մէջ կան­գուն մնա­ցած միակ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին, որ այս պա­հուն կ՚օգ­տա­գոր­ծուի որ­պէս նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ար­խիւ եւ բռնագ­րա­ւուած Լու­տե­րա­կան ե­կե­ղե­ցին, որ վե­րա­ծուած է հա­մեր­գաս­րա­հի։ Ե­թէ մենք՝ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ն եւ այլ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, քայ­լե­րու չձեռ­նար­կենք այ­սօր, վա­ղը ինչ­պի­սի՞ ա­պա­գայ մը կը սպա­սէ այս եւ բազ­մա­թիւ այլ վտան­գուած յու­շար­ձան­նե­րուն։

«Որ­պէս վե­րոն­շեա­լի վառ հա­կա­պատ­կեր՝ հա­րե­ւան Ի­րան լուրջ քայ­լե­րու կը ձեռ­նար­կէ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման եւ պաշտ­պա­նու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։ Ի­րա­նի մէջ գտնուող հայ­կա­կան վա­նա­կան հա­մա­լիր­նե­րը, ո­րոնց­մէ ա­մե­նա­հի­նը կը թուագ­րուի 7-րդ դա­րով, Ի­րա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ նե­րառ­նուած են Հա­մաշ­խար­հա­յին մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցու­ցա­կին մէջ։ Իր հեր­թին, Հա­յաս­տան վե­րա­նո­րո­գած է 18-րդ դա­րու ի­րա­նա­կան Կա­պոյտ մզկի­թը Ե­րե­ւա­նի մէջ եւ կը մտադ­րուի զայն նե­րառ­նել Հա­մաշ­խար­հա­յին մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցան­կին մէջ։

«Հա­յաս­տան կը ջա­նայ իր ներդ­րու­մը ու­նե­նալ հա­մաշ­խար­հա­յին մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ուղ­ղեալ ջան­քե­րուն մէջ, նե­րա­ռեալ՝ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի հա­մա­պա­տաս­խան մար­մին­նե­րուն մօտ շի­նիչ ներգ­րա­ւուա­ծու­թեան մի­ջո­ցաւ։ 2013 թուա­կա­նին Հա­յաս­տան դար­ձաւ Զի­նեալ ընդ­հա­րում­նե­րու ժա­մա­նակ մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցե­րով կո­մի­տէի ան­դամ։ Տա­րի մը անց մենք ընտ­րուե­ցանք այդ կո­մի­տէի պիւ­րո­յի փոխ-նա­խա­գահ։ Այս տա­րի Հա­յաս­տան դար­ձաւ Մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու ա­պօ­րի­նի ներ­մուծ­ման, ար­տա­հան­ման եւ ա­նոնց դէմ սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի փո­խան­ցու­մը ար­գի­լե­լու եւ կան­խե­լու մի­ջոց­նե­րու մա­սին պայ­մա­նագ­րի ի­րա­կա­նաց­ման յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ»։­

Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան Փա­րի­զի մէջ խօ­սե­ցաւ նաեւ կրթու­թեան ո­լոր­տէն ներս Ի­ՒԷՍ­ՔՕ-ի բա­ցա­ռիկ դե­րա­կա­տա­րու­թեան շուրջ։ Ան կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կրթա­կան իր ծրագ­րե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս ձե­ւա­ւո­րէ վե­րահս­կո­ղու­թեան դրու­թիւն, ո­րով քննու­թեան կ՚առ­նուին ու կը գնա­հա­տուին ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու դա­սա­գիր­քե­րը՝ յատ­կա­պէս պատ­մու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին գի­տու­թիւն­նե­րու բնա­գա­ւա­ռէն ներս՝ յա­տուկ շեշ­տադ­րում կա­տա­րե­լով խտրա­կա­նու­թեան եւ այ­լա­տեա­ցու­թեան բա­ցառ­ման վրայ։ «Ատր­պէյ­ճան կը փոր­ձէ աղ­ճա­տել բազ­մա­դա­րեան հայ­կա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը, մշա­կոյ­թը եւ պատ­մու­թիւ­նը։ Այս երկ­րին մէջ սե­փա­կան պատ­մու­թեան վե­րա­շա­րադ­րու­մը կը շա­րու­նա­կուի այ­լոց մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան բռնի իւ­րաց­մամբ կամ ոչն­չաց­մամբ եւ նոյ­նիսկ ա­ւե­լին՝ հա­րե­ւան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան բռնա­զաւթ­մամբ։ Պե­տու­թիւն, որ տա­կա­ւին մէկ դար ալ չկայ, որ յայտ­նուած է աշ­խար­հի քա­ղա­քա­կան քար­տէ­սին վրայ, ոտձն­գու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէ մշա­կոյ­թին դէմ երկ­րի մը եւ ժո­ղո­վուր­դի մը, ո­րու քա­նի հա­զար­մեակ­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը ար­ձա­նագ­րուած է վաղն­ջա­կան ժա­մա­նակ­նե­րէ», յայ­տա­րա­րեց Նալ­պան­տեան։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2015