ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԳՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Գրականագէտ, գրաքննադատ, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր, Փրոֆ. Դաւիթ Գասպարեանի «Հոգիի հայելի» մենագրութիւնը հայեացք է ժամանակակից հայ բանաստեղծութեան՝ Խաչիկ Մանուկեանի ստեղծագործութեան իմաստաբանական եւ գեղագիտական վերլուծութեամբ։ Գիրքը լոյս տեսած է «21-րդ դար։ Հայ գրողներ» մատենաշարով, որ գրականագէտի նախորդ՝ «20-րդ դար։ Հայ գրողներ» մատենաշարի շարունակութիւնն է։ Գիրքի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Նոյեմբերի 6-ին, Հայաստանի Գրողներու միութեան մէջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Դաւիթ Գասպարեան շեշտեց, որ բարձր կը գնահատէ Խաչիկ Մանուկեանի բանաստեղծութիւնը, անոր մարդկային տեսակը։

«Այն բաղկացած է երեք մասէ՝ գրական միջավայր, հոգիի հայելի, բառուբանը։ Առաջին հատուածին մէջ ներկայացուցած եմ վերջին տարիներու հայ գրական միջավայրը իր դրական եւ բացասական կողմերով, դրսեւրումներով։ Երկրորդ մասին մէջ մանրակրկիտ վերլուծած եմ բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեանի ստեղծագործութիւնները, յատկապէս՝ անոր քառահատոր ժողովածոն։ Երրորդ հատուածին մէջ խօսած եմ ընդհանուր գրական արուեստի, անոր առանձնայատկութիւններու մասին։ Ընդգծած եմ, որ սիրով գրած եմ գիրքը՝ անոր տրամադրելով կեանքիս ամբողջ մէկ տարին», ըսաւ Դաւիթ Գասպարեան։

Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեան ըսաւ, որ «Հոգիի հայելի» գիրքը կրնայ լուրջ բանավէճերու առիթ տալ կապուած անհատներու անուններու, հայ գրական միջավայրի հետ։ Խօսելով 70-ականներու գրականութեան մասին՝ Գասպարեան նշեց, որ այն անկումային էր։ «Ես բնաւ համամիտ չեմ այդ գաղափարի հետ։ Այդ տարիներուն թէ՛ արձակի, թէ՛ բանաստեղծութեան մէջ հրաշալի սերունդ կար, անուններ, որոնք մեծ դեր խաղացած են հայ գրականութեան զարգացման գործին մէջ», շեշտեց միութեան նախագահը։

Անդրադառնալով Խաչիկ Մանուկեանի բանաստեղծութեան վերաբերեալ գիրքին մէջ ներկայացուած դրական եւ քննադատական հայեացքներուն՝ Միլիտոնեան ըսաւ, որ համամիտ է անոնց հետ։

Գիրքի խմբագիր Արմէն Աւանէսեանի խօսքով՝ Գասպարեանի գրիչը շատ սուր է։ «Ան հայ գրական միջավայրը բաւականին մուգ գոյներով ներկայացուցած է, սակայն կան նաեւ լուսաւոր կէտեր։ Բացայայտած է Խաչիկ Մանուկեան բանաստեղծը, հրաշալի վերլուծած անոր հոգիի հայելին, Մանուկեանի յարաբերութիւնները գիրքի, գրական աշխարհի, մարդու հետ։ Այս գիրքին մէջ արտայայտուած են ոչ միայն հայ, այլեւ համաշխարհային ժամանակակից կեանքի իրողութիւնները», ըսաւ Աւանէսեան։

Բանաստեղծ Խանչիկ Մանուկեան ընդգծեց, որ Դաւիթ Գասպարեան այն գրականագէտն է, որուն գնահատականին կը սպասեն բոլորը. ան անաչառ է, չհանդուրժող նաեւ ծայրայեղական։ «Գիրքին մէջ կան կէտեր, որոնց հետ այնքան ալ համամիտ չեմ։ Ինչ կը վերաբերի ինծի, կը կարծեմ՝ ես դեռ այնտեղ չեմ հասած հոն, ուր մատնանշած է Գասպարեան։ Շնորհակալ եմ անոր բարձր գնահատականի, դիտողութիւններու համար, որոնք անպայման հաշուի կ՚առնեմ», նշեց բանաստեղծը։

Ան յաւելեց, որ գրականութիւնը մեծ խիզախութիւն կը պահանջէ, քանի որ մերկ ոգիով ներկայանալու համար անհրաժեշտ է մօտ ըլլալ կատարեալին, գեղեցիկին։

Դաւիթ Գասպարեան ծնած է 1947 թուականի Հոկտեմբերի 18-ին Երեւանի մէջ։ Աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի Բանասիրական ֆաքիւլթէն։ Աշխատած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան կաճառին մէջ, եղած է նոյն կաճառի փոխ-տնօրէն՝ գիտութեան գծով, Երեւանի Պետական համալսարանի հրատարակչութեան տնօրէն, Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի ռուս եւ արտասահմանեան գրականութեան ամպիոնի վարիչ։ Ներկայիս որպէս գլխաւոր մասնագէտ կ՚աշխատի Կրթութեան ազգային կաճառին մէջ։ «Հայոց լեզու եւ գրականութիւն» գիտամեթոտական ամսագրի գլխաւոր խմբագիրն է։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017