ԿԱՌՆՈՒՏ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ՄԷՋ ՊԵՂՈՒՄՆԵՐ

Շիրակի մարզի Կառնուտ համայնքի վաղ պրոնզէ դարեան դամբարանադաշտին մէջ այս տարի եւս շարունակուած են պեղումները։ «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի յառաջատար գիտաշխատող, Կառնուտի պեղումներու արշաւախումբի ղեկավար Ռուբէն Պատալեան ըսաւ, որ նոյն տարածքին վրայ համաժամանակեայ բնակատեղի եւ դամբարանադաշտ ճշդուած է։

«Սա բաւական հեռանկարային յուշարձան մըն է։ Գիւղատնտեսական, շինարարական աշխատանքներու արդիւնքին յուշարձանը վնասուած էր», ըսաւ ան, յաւելելով, որ առաջին տարիներուն Կառնուտի մէջ աշխատանքները աւելի շուտ յուշարձանը պահպանելու, փրկելու նպատակ ունէին։

Ռուբէն Պատալեանի խօսքով՝ յուշարձանի տարածքին մէջ մեծ ծաւալի աշխատանքներու արդիւնքին յայտնաբերուած բնակատեղին սկզբունքօրէն կը փոխէ պատկերացումները յուշարձանի չափերու, ժամանակագրութեան մասին։ «Հաւանաբար փոքր, շարքային բնակատեղիի փոխարէն մենք այժմ գործ ունինք 7-8 հեքթար տարածքի հետ։ Հայաստանի մէջ համեմատաբար քիչ են այն յուշարձանները, ուր հաւասարաչափ ուսումնասիրուած են թէ՛ բնակատեղին եւ թէ դամբարանադաշտը։

«Մեզ մօտ սովորաբար շեշտը կը դրուի կամ մէկի, կամ միւսի վրայ, իսկ Կառնուտի մէջ մենք հնարաւորութիւն ունինք համալիր ուսումնասիրութիւն իրականացնելու», ըսաւ արշաւախումբի ղեկավարը։ Անդրադառնալով յուշարձանի տարածքին մէջ պեղումներու արդիւնքին այս տարի յայտնաբերուած գտածոներուն, Ռուբէն Պատալեան առանձնացուց մէկ սերունդի պատկանող գերեզմանը, ուրկէ յայտնաբերուած են կուր-արաքսեան մշակոյթին պատկանող նախշերով անօթներ եւ պրոնզէ իրեր՝ ապարանջան, օղեր։

«Այդ թաղման յարակից այլ գերեզման մը եւս յայտնաբերուած է, բայց աւելի աղքատիկ՝ մէկ հոգիի համար նախատեսուած։ Ըստ երեւոյթին այն վերաօգտագործուած է», նշեց Ռուբէն Պատալեան։ Ան յոյս յայտնեց շարունակել յուշարձանի պեղումները նաեւ յաջորդ տարի՝ հասցնելով պեղավայր տարածքը 300 քառակուսի մեթրի։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017