ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԵՐԿԸՆՏՐԱՆՔԸ

Պատրիարքական ընտրութեան հարցը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել ոչ միայն մեր համայնքի, այլ նաեւ ամբողջ հայաշխարհի օրակարգը։ Ի շարունակութիւն հայաշխարհի զանազան լրատուամիջոցները յաճախակիօրէն կ՚անդրադառնան այս հարցին։ Վերջին օրերուն այս նիւթին անդրադարձաւ նաեւ սփիւռքահայ յայտնի մեկնաբան Յարութ Սասունեան։ «Գալիֆորնիա Քուրիըր»ի հրատարակիչ-խմբագիր Յարութ Սասունեան ուշագրաւ յօդուած մը ստորագրեց թրքահայութեան հրատապ օրակարգին շուրջ։ Անգլերէն բնագրով յօդուածին մէջ Յարութ Սասունեան իր տեսանկիւնէն մեկնաբանած է պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի առկայ փակուղին եւ փոխանցած՝ դիտարկումները։ Հայերէնի ալ թարգմանուած է Յարութ Սասունեանի յօդուածը, որու մէջ ան ընդգծած է, որ թրքահայ համայնքը երկընտրանքի մը դէմ յանդիման կը գտնուի։ Ըստ իրեն, պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին յառաջացած ներկայ առճակատումը ունի խոր արմատներ։

Յարութ Սասունեանի յօդուածին մէջ կայ ուշագրաւ բաղդատութիւն մը։ Ան կը յիշեցնէ, որ 1998 թուականի պատրիարքական ընտրութենէն առաջ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանն ալ դէմ յանդիման մնացած էր իշխանութիւններու դիմադրութեան։ «Ի վերջոյ, ան գնաց Անգարա եւ գործարք կնքեց փակ դռներու ետեւ թուրք պաշտօնեաներու հետ, ինչ որ անոր հնարաւորութիւն տուաւ պատրիարք ընտրուելու։ Շուտով ան սկսաւ աջակցիլ զանազան թրքական հարցերու, ներառեալ այցելութիւններ Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներ՝ հանդէս գալով Եւրոմիութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան օգտին եւ շարք մը այցելութիւններ Միացեալ Նահանգներ՝ թրքական իշխանութիւններու խնդրանքով հրապարակային ելոյթներ ունենալու համար», գրած է Յարութ Սասունեան եւ այս դիտարկումներու լոյսին տակ մեկնաբանած է՝ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի մտադրութիւնը՝ ներքին գործոց նախարարին հետ հանդիպում մը ունենալու ուղղութեամբ։ Յօդուածագրի կարծիքով, տեղապահ սրբազան հօր այդ մտադրութիւնը յղի է որոգայթներու։ Այսպէս, ինչպէս Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի պարագային եղած էր, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւս կրնայ մասնաւոր գործարք մը կնքել նախարարին հետ՝ խոստանալով այսուհետեւ կատարել թրքական իշխանութիւններու յանձնարարութիւնները։ Այս հաւանականութեան զուգահեռ յօդուածագիրը յիշեցուցած է, որ նորին սրբազնութիւնը «որպէս Գերմանիոյ Թեմի առաջնորդ իր պաշտօնավարման ընթացքին պարբերաբար խօսած է հայոց ցեղասպանութեան մասին»։

Յօդուածի հեղինակը վերջին բաժնին մէջ տարբերակներու շարքին թուարկած է տեղապահ սրբազան հօր հրաժարականը։ Այդ պարագային դուռ պիտի բացուի Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի պատրիարք ընտրուելուն։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017