ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՎԱՆԱՁՈՐԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԻՐ DISNEYLAND-Ը

Հայաստանի մէջ աշխատանքներ յառաջ կը տար-ւին՝ որպէսզի երկիրը ունենայ իր Disneyland-ը։ Այսպէս, Հայաստանի Disneyland-ը պիտի ստեղծուի Վանաձոր քաղաքին մէջ ու պիտի կոչուի Noyland։ Կը հաղորդուի, որ Հայաստանի կառավարութիւնը վերջերս  Disneyland եւ Universal ընկերութիւններու փորձագէտները երկիր հրաւիրած է Վանաձորի մէջ Disneyland-ի նման վայրի մը նախագծի իրագործման աշխատանքներու շրջանակին մէջ: Այդ վայրը պիտի կոչուի Noyland: Այս մասին յայտարարած է վարչապետ Կարէն Կարապետեան: «Նախագծի աշխատանքները սկսած են մէկ տարի առաջ, տրամադրուած է 100 միլիոն տոլարի ներդրումային ծրագիրը արդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն, եւ այժմ իտալացի լաւագոյն խորհրդատուներ կ՚օգնեն մեզի Վանաձորի զարգացման հայեցակարգը մշակելու գործին մէջ», ըսած է վարչապետը:

Վերջինս նաեւ աւելցուցած է, որ կառավարութիւնը ներկայիս կը քննարկէ ենթակառոյցային կարելի լուծումները, որոնք կրնան աւելի գրաւիչ դարձնել Վանաձորի մէջ հիմնադրուող ձեռնարկը:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017